Ասսիզիի «Փորցիունքոլա» սրբավայրը Ասսիզիի «Փորցիունքոլա» սրբավայրը 

Հազարաւոր երիտասարդներ ուղղուած են Ասսիզի՝ «2019-ի Ասսիզիի ներումին» առթիւ։

Ասսիզիի Ներումի օրերուն ծրագիրը կը կրկնուի ամէն տարի, եւ այս տարի եւս Յուլիսի 29ի երեկոյեան կը սկսի Ներումին եռօրեայ պատրաստութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան հազարաւոր երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ Ասսիզիի ներումին կապուած Ֆրանչիսկեան  երիտասարդական 39-րդ տողանցք - ուխտագնացութեան.  որ պիտի աւարտի 2 օգոստոսին  Ասսիզիի «Փորցիունքոլա» սրբավայրին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Փորցիունքուլան այն փոքրիկ մատուռն է որ կը գտնուի Ասսիզիի Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ Պազիլիքայի ներքոյ ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ունեցաւ տեսիլքը ու կոչումը՝ հետեւելու Յիսուսին, դառնալով աղքատներու միջեւ աղքատիկը։

Մինչ ''Ասսիզիի ներումը''` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած ''Մեղքերու ընդհանրական քաւութիւն է'' զոր հաւատացեալները ամէն տարի կարող են ընդունիլ` Օգոստոս 1-ի յետմիջօրէէն մինչեւ 2 օգոստոսի կէս գիշերը։ Սոյն ''ներումը'' հաստատուած է 1216-ին Օնորիոս Գ քահանայապետի օրով, Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Անոր ներկայացուած խնդրանքին վրայ։

Ասսիզիի Ներումի օրերուն ծրագիրը կը կրկնուի ամէն տարի, եւ այս տարի  եւս  Յուլիսի 29ի երեկոյեան կը սկսի Ներումին եռօրեայ պատրաստութիւնը։

Հինգշաբթի օգոստոսի 1ին, բացումը կը կատարուի «Ներումի»  հանդիսութեան։ Առաւօտեան ժամը 11ին հանդիսաւոր Պատարագ պիտի մատուցուի, որմէ ետք պիտի կատարուի «Ներումի բացումին» թափորը։ Ապա կատարեալ ներողութիւն պիտի շնորհուի նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին գտնուող ժողովրդապետութիւններուն եւ ֆրանչիսկեան միաբանութեան եկեղեցիներուն մէջ, անոնց որոնք կը լրացնեն կատարեալ ներողութիւն ընդունելու նախապայմանները։

Օգոստոսի երկուքին Ֆրանչիսկեան 39րդ Տողանցքի երիտասարդները, շաբթուան մը քայլարշաւէն ետք կը ժամանեն Ասսիզի՝ անցք կատարելով «Փորցիունքուլայի» դռնէն։

Յիշեալ հանդիսութիւններու ժամանակ Ասսիզիի տաճարը բաց կը մնայ  ամբողջ օրը, առիթ տալով ուխտաւորներուն մերձենալ խոստովանանքի խորհուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2019, 11:56