Ժաք Համել Ժաք Համել 

Հայր Ժաք Համելի սպանութեան 3-րդ տարեդարձի ոգեկոչում:

Հայր Ժաք Համել առաւօտեան Սուրբ պատարագը կը մատուցանէր, ոճրագործ ահաբեկիչ մը խուժեց եկեղեցի եւ դաշունահարեց 86 ամեայ ծերուկ կղերականը,

Ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ին, կը նշուի Հայր Ժաք Համելի սպանութեան 3-րդ տարելիցը։ Արդարեւ երեք տարի առաջ, այսօրուան պէս Ֆրանսայի Սան Էթիեն Տու Ռուվարյի Սուրբ Ստեփանոս անուան եկեղեցւոյ մէջ, մինչ Հայր Ժաք Համել առաւօտեան Սուրբ պատարագը կը մատուցանէր, ոճրագործ ահաբեկիչ մը խուժեց եկեղեցի եւ դաշունահարեց 86 ամեայ ծերուկ կղերականը, որ հոգին չ՛աւանդած ուզեց ներել զինք սպաննողին ինչպէս պատմեցին ականատես վկաները։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Ժաք շատ սիրուած ու յարգուած կղերական մըն էր ոչ միայն քրիստոնեայ հաւատացեալներու կողմէ այլեւ մահմետական բնակիչներու կողմէ։ Ան ծանօթ դէմք մըն էր եւ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, միշտ պատրաստակամ էր ծառայելու բոլորին։ Արդարեւ, Սան էթիենի բնակիչները հանգուցեալ վարդապետին մասին կ՛ըսեն, թէ «Բարի քահանայ մըն էր ու մինչեւ իր կեանքին վերջը չզլացաւ իր բոլոր պարտականութիւնները կատարել»

Ննջեցեալ Քահանային հոգւոյն հանգստեան մատուցած սուրբ պատարագի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած էր, թէ «այսօր կան սպաննուած, բանտարկուած, խոշտանգուած ու մորթուած քրիստոնեաներ. որովհետեւ անոնք Յիսուս Քրիստոսը չեն ուրանար։ Այս պատմութեան ընթացքին կը հասնինք Հայր Ժաքին. Ան մաս կը կազմէ մարտիրոսներու ցանկին։ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատած էր թէ այդ հալածանքներու հեղինակը սատանան է, ինչպէս վկայեցին Հայր Ժաքին արտասանած վերջին բառերը զինք սպաննող ոճրագործերուն դիմաց «հեռացիր սատանայ»։ Յիսուս նաեւ առաջին մարտիրոսն է եւ անոնք որոնք Անոր կը հետեւին կարիքը չունին ուրիշ բանի որովհետեւ Ան իրենց առօրեայ հացն է» դիտել տուած էր ապա Սրբազան Քահանայապետը

Արժանի է նշել5 որ Մարտ 2019ին, աւարտած է Հայր Համելի թեմական մակարդակի վրայ երանացման դատի առաջին փուլը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2019, 10:24