Որոնել

Յիսուս Քրիստոսի սրբանկար Յիսուս Քրիստոսի սրբանկար 

«Խոնարհութիւնը սիրտն Աստուծոյ խօսքին տրամադրելի կը դարձնէ»: Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան:

Յիսուս, քաղցր եւ խոնարհ սրտով, իմ սիրտս Քու սրտիդ նման ըրէ:

«Այն ժամանակ Յիսուս ըսաւ․կը գովաբանեմ Քեզ, Հայր, Տէր երկնքի եւ երկրի, որ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն ու բանգէտներէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն։ Այո՛, Հա՛յր, այսպէս հաճելի թուեցաւ Քեզի։ Հայրս ամէն բան ինծի յանձնեց։ Ո՛չ ոք կը ճանչնայ Որդին եթէ ոչ Հայրը եւ ո՛չ ոք կը ճանչնայ Հայրը եթէ ոչ Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կը հաճի յայտնել» (Մատթ․ 11․ 25-27)։

«Տէ՛ր, ես հպարտ սիրտ չունիմ, ոչ ալ՛ հաւակնոտ տեսք։ Մեծ-մեծ բաներու հետամուտ չեղայ, ոչ ալ՝ անկարելի բաներու, որոնք իմ ոյժերէս վեր են։ Ո՛չ, բայց իմ հոգին հանդարտ եւ լուր կը պահեմ, եւ իմ հոգին նման է այն մանուկին, զորս կը հանգչի իր մօր գիրկին մէջ։ Տիրոջը սպասէ, Իսրայէլին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս, յաւիտենից․ ամէն» (Սաղմ․ 130)։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս, քաղցր եւ խոնարհ սրտով, իմ սիրտս Քու սրտիդ նման ըրէ։

Աւետարանի այս հատուածին մէջ, Տէրը մեզի օգնել կ՛ուզէ գտնելու համար ուրախութիւնը՝ խոնարհութեան մէջ ապրելու։ Ան մեզի յաճախ կ՛ըսէ, որ իր պատգամը թաքնուած կը մնայ իմաստուններէն եւ գիտուններէն, բայց, ան ամենափոքրերուն յայտնուած է։ Ինչո՞ւ համար իր պատգամը թաքնուած կը մնայ իմաստուններէն եւ գիտուններէն։ Իր պատգամը համայն մարդկութեան համար չէ՞։ Անտարակոյս, բայց վտանգը, որ կը դիտէ անոնց որոնց այս աշպարհի մէջ մեծ են եւ որոնք այս պատգամին կարեւորութեան մասին չեն մտածեր։ Անոնք կրնան հաւատալ, որ իրենց մարդկային իմաստութիւնն բաւարար է իրենց ուրախութեան համար եւ իրենց փրկութեան համար։ Անոնք դիւրութեամբ իրենց կարծիքին վրայ կը մնան, իրենց ձեւով գործեր ի գլուխ հանելով եւ կրնան խիստ, կարծր կեցուածք ունենալ անոնց հանդեպ արհամարհանքով՝ որոնք իրենց պէս չեն մտածեր։ Այս է գոռոզութեան վտանգը, զորս անթափանցելի կը մնան անոնք Աստուծոյ խօսքին եւ իր ազատ կամքին։ Բայց ուշադիր ըլլանք, երբ այս աշխարհի մեծերէն, գիտուններէն եւ իմաստուններէն կը խօսինք, անոնք անպայմանօրէն հոմանիշներ չունին հարուստ կամ այնպիսի մարդիկ, որոնք բարձր պաշտօններու պատասխանատուութիւններ ունին այս աշխարհի մէջ։ Հպարտութիւնը կրնայ դիւրութեամբ մէկու մը մէջ գտնուիլ, զորս միջոցը քիչ կը տիրապետէ։ Մենք բոլորս կրնանք մեծ դառնալ։

Ինչո՞ւ փոքրերը դիւրին Տիրոջ պատգամը կը ստանան։ Որովհետեւ խոնարհութիւնը պատրաստուած սիրտը  Աստուծոյ Խօսքին կը տրամադրէ։ Համեստ մարդ մը գիտէր, առանց Աստուծոյ եւ իր հարեւանին օգնութեան չէր կրնար իր կեանքին մէջ աւելի հեռու երթալ։ Յիսուս մեզի հետեւեալը կը յիշեցնէ, երբ իր առաքեալներուն կ՛ըսէ․ «Ես եմ որթատունկը իսկ դուք՝ ուռը։ Ով որ մնայ իմ մէջս ու ես անոր մէջ, ան շատ պտուղ կուտայ։ Որովհետեւ եւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհ․ 15․ 5)։  Սիրոյ տրամաբանութեան մէջ, կախում ունեցող բանը բացասական չէ, նոյնիսկ եթէ կրնայ թուիլ լինելութիւնը աչքերուն առջեւ՝ մեր անհատական հասարակութեան մէջ։ Առաւել եւս, գիտէի իմ պէտքը, իմ կարիքը ուրիշին ուրախութեան համար, եւ ինչպէս իմ սիրտը սիրոյ մէջ մեծցաւ եւ ուրիշին՝ արժեւորումով։ Այս կարիքը կամ պէտքը՝ Յիսուսն է, որ պէտք է կեանքիս մէջ ունենամ, զորս թոյլ կուտայ ապրելու զօրաւոր սէրն ու կենսականը՝ Իրեն հետ։ Մեր լոկ մարդ արարած լինելութեան պատճառն է, եւ այն որ մեզի խորապէս ուրախ կը պահէ, սիրելով եւ սիրուած ըլլալով չէ՞։ Ուրեմն վերաճանչնանք այսօր, այս աղօթքի պահուն մեր կարիքը Քրիստոսի խոր սիրոյ եւ իր փրկութեան։

«Բոլորը Հօրմէս ինձ յանձնուած է, ոչ ոք Որդին կը ճանչնայ, եթէ ոչ Հայրը, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը, եթէ ոչ Որդին, ան որ կ՛ուզէ Որդին յայտնել անոր»

Այս հատուածին վերջին նախադասութեան մէջ, այսօր, Յիսուս մեզի խոնարհ սրտին օրինակը կու տայ։ Ան գիտէ, որ ինքնիսկ իր Հօրմէն ամէն ինչ ստացած է։ Ան իր առաքելութիւնը կ՛ապրի այնքան ատեն, որ Որդին Հօր հանդէպ հնազանդ է եւ այդ ամէնը գիտէ, որ Հայրն ալ իրեն տուած է։ Մենք այստեղ Ամենասուրբ Երրորդութեան գաղտնիքին մէջ մուտք կը գործենք։ Այս գաղտնի փոխանակութեան՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոն միջեւ։ Անոնք միայնգամայն հաւասար են, մէկ Աստուած, բոլորը հաւասար են եւ ամենակարող, բայց կենդանի յարաբերութեան մը մէջ մասերու բաժանումով եւ ճանաչման փոխանակութեան, սիրոյ եւ կեանքի օրէն ի վեր եւ ամէն օրուայ համար։ Ինչպէ՞ս չզգալ փոքրիկները այս գաղտնիքին առջեւ, որ մեզմէ կ՛անցնի, մենք ովքեր ենք որ փոքչիկ տկար եւ անցաւոր ստեղծուածներ ենք։

Սակայն եւ այնպէս մեզի ընտրեց, ուզեց որ մեզի յայնտուի եւ մեզի ճանչնալու երկրորդ առիթ տուաւ, իրեն հաւատալու եւ իր կեանքին բաժնեկից դառնալու, եւ իր երրորդութիւն սէրը։ Քրիստոս մեզ կը յիշեցնէ, որ սրբութիւնը վեջնական անհատական նուաճում մը չէ, մեր հերոսական ջանքերուն պտուղը, բայց ձրի նուէր մը Աստուծոյ Սիրոյ, զորս մեզի՝ մեր աղքատնութեան մէջ իսկ՝ դէպի իրեն կը բարձրացնէ։ Ուրեմն մենք կրնանք ըսել Քրիստոսին հետ․ «Այո՛, Հա՛յր, դուն զայն ուզեցիր քու բարեսիրութեանդ մէջ իսկ»։

Տէ՛ր Աստուած, շնորհակալ եմ քու բարեսիրութեանդ իմ հանդէպ։ Շնորհակալ եմ որ ինձ  աղքատ ըրած ես եւ փոքրիկ՝ որպէսզի  կարող ըլլամ ընդունելու քու պատգամը, Քու Խօսքդ։ Եկուր եւ իմ սրտէս այս խենթ մեծութիւնները հանէ զորս լոկ հպարտութիւն է եւ ինձ կ՛արգիլէ ճանչնալու կարիքը, որ քու սէրէն ունիմ եւ քու ներկայութենէն իմ կեանքիս մէջ։ Եկուր իմ սրտէս հանէ ինչ որ  կրնայ ինծի Քեզմէ բաժնել։ Օգնէ ինծի, Տէ՛ր Յիսուս, ապրելու ճանաչման կերպը եւ հնազանդութեան, որ դուն կ՛ապրիս դէպի Հայրդ՝ իմ կեանքիս մէջ ամէն օր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2019, 08:25