Որոնել

Սուրիոյ մէջ պատերազմէն առնուած լուսանկար Սուրիոյ մէջ պատերազմէն առնուած լուսանկար 

Երախտապարտ ենք ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ գորովին համար:

Սրբազան Հայրը երբեք չէ մոռցած Սուրիա երկիրը :

Հալէպի մէջ ժողովրդապետ՝ հայր Ֆիրաս Լութֆի, Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ նախագահին յղած նամակին լուրը ստանալէ ետք իր  երախտագիտութիւնը յայտնած է Սրբազան Պապին՝ Սուրիոյ նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ սիրոյն համար:

«Յոյսով կը նայինք ֆրանչիսկոս Պապին նոր կոչին: Երախտապարտ ենք Սրբազան Պապին անմիջական միջոցառումներուն համար:»  ըսած է Հալէպի մէջ ժողովրդապետը դիտել տալով,  որ  Ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ Սուրիոյ մասին խօսելու ժամանակ, Սուրիա երկիրը կոչած է «իմ սիրելի Սուրիան:»

Հայր Լութֆի ապա նկատել տալով  որ Սրբազան Հայրը երբեք չէ մոռցած  Սուրիա երկիրը  նշած է  «Նորին Սրբութեան նամակին լուրը հասած է  ճիշդ այն ժամանակ՝ երբ Հալէպէն ոչ շատ հեռու վայր մը,  թիրախ դարձած է ռմբակոծումի եւ որուն հետեւանքով մահացած են տասնեակ քաղաքայիններ,  որոնց շարքին մանուկներ:

Յիշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրիոյ նախագահին յղած նամակին մէջ նախագահէն խնդրած է որ ամէն կարելին ընէ հակամարտութիւնները կանգնեցնելու համար: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2019, 14:52