Քրիստոսի Յարութեան նշանները Քրիստոսի Յարութեան նշանները 

Կիրակի 7 Յուլիս 2019 4-րդ կիրակի Պենտեկոստէի

Քրիստոսի Յարութեան նշանները (Մատթէոս ԺԲ. 38-45)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Հրէաները նշան մը կը սպասեն Յիսուսէն, որպէսզի կարենան ոչ թէ հաւատալ, այլ ուրիշ պատճառ մը գտնել զինք զրպարտելու եւ ամբաստանելու Գերագոյն Ատեանին առջեւ։ Յիսուս, գիտնալով իրենց դիտաւորութիւնը, կ՛որակէ զիրենք չար եւ շնացող ազգ։ Չար, որովհետեւ իրենց միտքը միայն չարիք ընելու մասին կը խորհի. Շնացող` որով միշտ պատրաստ են հրաժարելու իրենց հաւատքէն, ուրիշ կրօնքներու երթալու համար։

Նշանը զոր կու տայ իրենց Յիսուս ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` Հրէայ մարգարէի մը` Յովնանի կեանքին հետ առընչուած դէպքը. Արդարեւ, ըստ Մարգարէական գրուածքին, երբ Տէրը կը հրամայէ Յովնանի քարոզել ապաշխարանքը Ասորեստանի մէջ բնակող ժողովուրդին, ան պարզապէս կը փախչի նաւու մը մէջ ապաստան գտնելով. սակայն Տէրը արգելք կը հանդիսանայ իր փախուստին ու, հրաշքի մը միջոցաւ, զինք երեք օր ողջ պահելով կէտ ձուկի մը փորին մէջ, ետ կը վերադարձնէ դէպի իր մեկնավայրը։ Նոյնպիսի հրաշք մը, մանաւանդ թէ դեռ աւելի զօրեղ մէկ հրաշք մը պիտի պատահի երբ Մարդու Որդին, այսինքն Յիսուս, երեք օր մնալէ ետք գերեզմանին մէջ, որպէս մեռեալ, յանկարծ յարութիւն պիտի առնէ մեռելներէն։

Անշուշտ այս խօսքերը տակաւին անհասկնալի են թէ հրէաներուն թէ նոյնինքն առաքեալներուն. Յարութեան դէպքէն վերջն է որ անոնք պիտի հասկնան իմաստը իր ըսած խօսքերուն։ Այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին յարութեան ճրագալոյցի օրը` կը կարդայ Յովնանու պատահած դէպքը, որովհետեւ կը նկատէ զայն որպէս խորհրդանիշ եւ մարգարէացում Քրիստոսի յարութեան։

Քրիստոսի հաւատացող քրիստոնեայ կոչուած ժողովուրդը կ՛ընդունի յարութիւնը որպէս հիմ իր հաւատքին։ Պօղոս ինքնին կ՛ըսէ. Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, մեր հաւատքը պարապ է. Ոչ միայն, այլ եթէ մենք ալ յարութիւն պիտի չ՛առնենք, դարձեալ իմաստ չունի հաւատալը։ Այս ուղղութեամբ` յստակ է նաեւ Եկեղեցւոյ ուսուցումը, որով մենք կը դաւանինք նախ եւ առաջ` յարուցեալ Քրիստոսը, կեանք եւ կեցուցիչ բոլոր հաւատացեալներուն։

Առաջին դարերու մարտիրոսները այնքան համոզուած էին յարութեան ճշմարտութեան մասին, որ յանձն կ՛առնէին ամէն տեսակի նեղութիւն եւ չարչարանք, ամէնէն սոսկալի մահուան կ՛ենթարկուէին, միշտ հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ։ Անոնց վկայութիւնը միայն կը փաստէ քրիստոնէական կրօնքին ճշմարտութիւնը. Իրենց թափած արիւնը սերմը եղած է նոր դարձերու եւ հաւատքի ամրացման։ Հռիփսիմեանց Կոյսերու թափած արիւնը հիմը դարձաւ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման:

Հայ Ազգը միշտ հաւատարիմ եղած է քրիստոնեայ կրօնքին. Զայն դաւանած է որպէս երկրորդ բնութիւն մը, անբաժանելիօրէն միացած իր մարդկային բնութեան. Ճշմարիտ Հայը չի կրնար քրիստոնեայ չըլլալ. Հայու մը չի վայելեր անկրօնութիւնը, կամ որեւէ ուրիշ կրօնք, բացի քրիստոնէութենէն։ Մեր բիւրաւոր նահատակները աստղերու նման կը զարդարեն հայկական երկնակամարը, անոնք լուսաւոր նշաններ են որոնք մեր ազգը կ՛ուղղեն իր ընթացքին մէջ եւ ցոյց կու տան ճշմարիտ ճանապարհը։

Դժբախտաբար մեր ազգային աւանդութիւններուն մէջ` քրիստոնէական շատ մը տօներ – Ծնունդը, Վարդավառը, Համբարձումը…- վերածուած են հեթանոսութենէն մնացած ժողովրդական սովորութիւններու կատարումին։ Աւելի կը մտածենք այդ տօներու առթիւ` ուտելիքի, խաղերու, նուէրներու եւ այլ երկրորդական բաներու մասին։ Թող Յարութեան սուրբ տօնը ըլլայ ամէնուս համար իսկական հաւատքի տօն մը, որով մեր ամբողջ էութեամբ դիմենք դէպի մեր հոգեւոր կեանքի զարգացումը եւ մանաւանդ յառաջանանք բարոյական արժէքներու եւ առաքինութիւններու մէջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2019, 09:25