Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Գիւտ Նշխարաց Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին

Սբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարները բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծագոյն սրբութիւններէն են։

2019-ի Յուլիս 6-ին, Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն` Սրբոյ Հօրն մերոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Նշխարաց Գիւտի Տօնն է:
Հայ Եկեղեցին Դ. դարէն սկսեալ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը կը տօնախմբէ տարին երեք անգամ. անոր Խոր Վիրապ Մուտքի, անոր Խոր Վիրապէն Ելքի և անոր Նշխարաց գիւտի առիթներով: Պատմական յիշատակութիւններու համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է առանձնութեան մէջ, առանց բոլորովին լքելու իր առաքելական պաշտօնը: Ծերունի Հայրապետը չհեռացաւ իր ճգնարանէն՝ Մանեայ այրէն, որ կը գտնուէր Սեպուհ լերան վրայ, Երիզայի մօտ. Իր չարչարանաց վայրը: Այս խաղաղ քարայրին մէջ, որուն շուրջ կը դեգերէին պարզամիտ հովիւներ իրենց հօտերով, Հայաստան աշխարհի Լուսաւորիչը աւանդեց իր հոգին: Ո՛չ ոք գիտցաւ իր մահը, միայն հովիւներ, պատահմամբ մտնելով իր քարայրը, գտան զայն իր յաւիտենական հանգստին մէջ: Ծածկեցին անշնչացած մարմինը քարակոյտի մը տակ, և հեռացան: Երկար լռութենէ մը վերջ՝ հետաքրքրութիւն արթնցաւ մասնաւորապէս իր աշակերտներուն մէջ, որոնք տեղեակ էին Լուսաւորչի առանձնարաններուն: Իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ, հարցուփորձեց հովիւները, և ի վերջոյ տեղեկացաւ անոնցմէ տխուր իրողութիւնը: Փութաց Մանեաց այրը, վար առաւ քարակոյտը, դուրս բերաւ Հայրապետին մարմինը և տարաւ հանգչեցուց Հայոց Մեծ Լուսաւորիչը Թորդան գիւղին մէջ՝ յուզիչ անշքութեամբ և լռութեամբ: Այս դէպքը տեղի ունեցաւ իր մահուան իսկ տարին 326-ին:
Անշուք թաղումը սակայն, անշուք չթողուց իր յիշատակը: Հայաստանեայց Եկեղեցին Նշխարաց Գիւտի այս տօնը կը կատարէ մեծահանդէս, ասկէ անկախ, տարին երկու անգամ եւս կը պատուէ անոր յիշատակը՝ Մուտն ի Վիրապ և Ելն ի Վիրապէն տօնակատարելով:

Սբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարները բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծագոյն սրբութիւններէն են։ Հայոց Հայրապետի նշխարները գտնուելէն յետոյ անոնցմէ մէկ մասը իբրև սրբազան մասունք տարուեր է Վաղարշապատ, Բիւզանդիա, Իտալիա:

Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի մէջ պահուող Լուսաւորչի Սբ Աջը Հայ Եկեղեցւոյ կարևորագոյն սրբութիւններէն են, որով կ՛օրհնուի սրբազան միւռոնը։ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնը կը նշուի Հոգեգալուստին երրորդ շաբաթ օրը։ Տօնի օրը եկեղեցիներուն կը մատուցուի Սբ. Պատարագ։ Տօնի առիթով Հայ եկեղեցին սահմաներ է շաբաթապահք։ Տօնն ունի նաև իր նախատօնակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2019, 08:12