Որոնել

Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսը Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսը 

Եւրոպայի պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը

24 Հոկտեմբեր 1964-ին՝ Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի պաշտպան Սուրբ հռչակուեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 11 Յուլիսին կը յիշատակուի 1964-ին Եւրոպայի Պաշտպան սուրբ  հռչակուած Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը։ Ան  եղած է Պենետիկտեան միաբնութեան հիմնադիրը։ Ծնած է 480 թուականներուն Նորչայի մէջ ու իր մահկանացուն կնքած է Մոնթեքասսինոյի աբբայարանին մէջ 21 մարտ 547-ին։

540 թուականին Մոնթեքասսինօ աբբայարանին մէջ Պենետիկտոս յօրինած է «Ռեկոլան» Պենետիկտեան միաբանութեան կանոնագիրքը հիմնուած Աւետարանին ուսուցումներու վրայ որով կը հաստատէ կրօնաւորական կեանքի պայմաններն ու օրէնքները եւ որուն բնաբանը եղած է «Օրա էթ Լապորա - Աղօթէ եւ աշխատէ»։

Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին առթիւ Իտալիոյ Սիենա քաղաքի Մոնթէ Օլիվեթօ Մաճճորէ աբբայարանին մէջ, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը առաւօտեան 11-ին կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Նմանօրինակ ծիսական արարողութիւններ կը կատարուին նաեւ Պենետիկտեան բոլոր վանքերուն մէջ,  ըլլայ Իտալիոյ տարածքին, ըլլայ արտասահմանեան երկիրներուն մէջ։

Նոյն օրը Նորչայի մէջ, որ 2016-ին թիրախ դարձած էր Իտալիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժին, տեղի կ՛ ունենայ Պենետիկտեան նոր վանքին առաջին քարի զետեղման արարողութիւնը, ի ներկայութեան Կարդինալ Պրանտմիւլլէրի, Սփոլեթօ Նորչա թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտոյի ու Նորչա  քաղաքի քաղաքապետ Տիար Նիքոլա Ալեմաննոյի։

Նորչայի Պենետիկտեան Եկեղեցին ու Վանքը երկրաշարժէն ետք
Նորչայի Պենետիկտեան Եկեղեցին ու Վանքը երկրաշարժէն ետք

Այս առթիւ յիշենք թէ  24 Հոկտեմբեր 1964-ի թուականէն սկսեալ,  երբ Պօղոս Զ Քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի պաշտպան Սուրբ հռչակեց, Պենետիկտեաններ սկսած էին «Պենետիկտեան Ջահ»ը լուցանելու սովորութիւնը, Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ, արտայայտելու համար Եւրոպայի միասնութիւնը։

1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Պենետիկտեան Ջահ»ը վերածուած էր խաղաղութեան խորհրդանիշի։

Սուրբ Պենետիկտոս արդարեւ կը խորհրդանշէ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն դաւանումը, որ հասարակաց է եւրոպական 28 երկիրներու։ «Պենետիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2019, 08:48