Որոնել

Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

«Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի յատուկ հրապարակութիւն»

Հրատարակութիւնը լոյս պիտի տեսնէ «Ֆամիլիա Քրիսդիանա – Քրիստոնէական ընտանիք» պարբերաթերթի հետ 15 Յուլիսին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 15 Յուլիսին, Սուրբ Պօղոս հրատարակչատունը ի լոյս կ՛ընծայէ «Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի յատուկ հրապարակութիւնը որուն բնաբանն է «Ամազոնիա՝ նոր ուղիներ՝ Եկեղեցւոյ ու Համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Հրատարակութիւնը լոյս պիտի տեսնէ «Ֆամիլիա Քրիսդիանա – Քրիստոնէական ընտանիք» պարբերաթերթի հետ։

«Ամազոնեան աշխարհը Եկեղեցիէն կը խնդրէ որ իրեն դաշնակից դառնայ, որպէսզի այն լիակատար կեանքը զոր Յիսուս եկաւ բերելու աշխարհ հասանելի ըլլայ բոլորին ու յատկապէս աղքատներուն». Այս է սիրտը վերոնշեալ աշխատանքային թղթածրարին որ լոյս տեսաւ 17 Յունիս 2019-ին եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ։

Այս սիւնհոդոսը կը հայի կեանքին, ամազոնեան շրջանի կեանքին ու անոր ժողովուրդներուն, եկեղեցւոյ կեանքին ու մոլորակի կեանքին։ Անոր կեդրոնական յանձնառումը  նուիրուած է բնիկ ժողովուրդներուն, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան ու բնապահպանական դարձին։

Վերոնշեալ փաստաթուղթին մէջ ապա մատնանշում կը կատարուի եկեղեցւոյ յեղափոխական նոր ընթացքի մը։

Նշենք թէ Սուրբ Պօղոս հրատարակչատունը մաս է կրօնաւոր միաբանութեան որ ծնունդ առած է 1914-ին Երանելի Հայր Ճաքոմօ Ալպերիոնէի նախաձեռնութեամբ։ Սուրբ Պօղոս միաբանութիւնը կը գործէ 32 երկիրներու մէջ- յատկապէս հրատարակչական ու լրագրական աշխարհի ծիրէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2019, 07:50