Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Կարդինալ Սաքօ. «Ժողովուրդը վախի մէջ է ապագան անորոշ:»

Իրաքի ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէ ֆրանչիսկոս Պապին:

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Սաքօ զրոյց մը ունեցած է Վատիկանի Նիւզի հետ, որուն ընթացքին իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուած սուր կացութեան համար, դիտել տալո,  որ այդ իրավիճակը կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ համայն Միջին արեւելքի վրայ, աւելցնելով թէ Իրաքի ժողովուրդը շատ մտահոգ է եւ չգիտեր թէ երկրին մէջ ինչ պիտի պատահի:

Ունկնդրէ լուրը

Քաղդէացիներու Պատրիարքը զրոյցին ընթացքին, շեշտեց որ հարցերը պէտք են լուծուին երկխօսութեան միջոցաւ եւ ոչ թէ զէնքերու: Այս իսկ պատճառաւ, Ան, Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի դեսպանատուներու միջոցաւ կոչ ուղղած է երկու պետութիւններուն , հրաւիրելով զանոնք երկխօսութեան դիմելու դիտել տալով, որ պատերազմները վնասակար են բոլորին համար:

Ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք հաւանական այցելութեան, Պատրիարքը նշեց թէ ինք վստահ չէ, որ Պապը կարենայ Իրաք այցելել՝ երկրին մէջ տիրող անկայուն վիճակի պատճառաւ: Շեշտեց, որ Իրաքի ժողովուրդը յոյժ կարիքը կը զգայ Նորին Սրբութեան ներկայութեան ու քաջալերանքին եւ անհամբեր կը սպասեն անոր այցելութեան:

Պատրիարք Սաքօ զրուցեց նաեւ Իրաքի մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին: «Եկեղեցին կը ծառայէ բոլորին՝ ըլլայ մահմետականներուն ըլլայ քրիստոնեաներուն անխտիր: Եկեղեցին ներկայ է մահմետականներով եւ քրիստոնեաներով բնակուած շրջաններուն մէջ : Սա մեծ վկայութիւն մըն է, որ օգտակար է մտայնութեան փոփոխութեան: Պէտք է բռնութեամբ բնորոշուած մշակոյթը փոխել: Պէտք է յարգել կեանքը, բազմազանութիւնը ինչպէս նաեւ կրօններու, ցեղերու բազմազանութիւնը: Յարգել նաեւ բնութիւնը:»

Կարդինալ Սաքօ վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի աւարտին նշեց, որ ժամանակին անթիւ մարդիկ կ՝երազէին իրաք հաստատուիլ, որովհետեւ Իրաքը քաղաքավար երկիր մըն էր ուր ամէն ինչ կար՝ ջուրէն սկսեալ մինչեւ հանգիստ կեանք մը ապրելու բոլոր հնարաւորութիւնները: Սակայն այժմ իրաքի մէջ մնաց միայն ուժանիւթի հարստութիւն, որ բաւարար չէ մարդոց կարիքները հոգալու: Դժբախտաբար իրաքի մէջ այժմ ամենուրէք տարածուած է կաշառակերութեան ախտը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2019, 12:49