Սուրբ Ընտանիքի սրբանկար Սուրբ Ընտանիքի սրբանկար 

Սուրբ Ընտանիքի ճանապարհը պիտի ընդունուի ՈՒՆԵՍՔՈյի կողմէ իբր համամարդկային ժառանգութիւն:

Հազարամեայ աւանդութեան համաձայն, առնուազն 25 վայրեր կան, որոնք Սուրբ Ընտանիքը այցելած է երեք տարուան ժամանակամիջոցին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Ընտանիքի դէպի Եգիպտոս փախուստը՝ խուսափելու համար Հերովդէս թագաւորի սպառնալիքէն, ճանապարհ մըն է որ կʼանցնի առնուազն 25 վայրերէ։ Եգիպտոսի իշխանութիւնները խնդրած են որ անիկա ՈՒՆԵՍՔՈյի կողմէ հռչակուի իբր համամարդկային ժառանգութիւն։

Եգիպտոսի հնութիւններու նախարարը հսկած է ՈՒՆԵՍՔՈյի ներկայացուած խնդրագիրի անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով հրապարակումը Սուրբ Ընտանիքի ճանապարհի շուրջ, որուն մասին կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ։

2013 թուականի դեկտեմբեր 29ի «հրեշտակ տեառն» աղօթքի ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուցած էր աքսորքի հետ կապուած դժուարութիւնները։ Ան ըսած էր. «երբ մեր հայեացքը կʼուղղենք Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին վրայ, այն րոպէին ուր ան ստիպուած էր գաղթել, մտածենք այն տագնապին վրայ որ կը կրեն գաղթականները եւ փախստականները, որոնք զոհերն են մերժումի, չարաշահումի, որոնք զոհերն անհատի վաճառքի եւ ստրկացումի։ Դէպի Եգիպտոս փախուստը՝ Հերովդէսի սպառնալիքին հետեւանքով մեզի ցոյց կու տայ թէ Աստուած հոն է՝ ուր մարդ արարածը վտանգի մէջ է, ուր մարդ արարածը կը տառապի, հոն՝ ուր ան փախուստ կու տայ, ուր կը փորձարկէ մերժում եւ լքում։ Սակայն Աստուած նաեւ հոն է՝ ուր մարդը երազանք ունի, կը յուսայ վերադառնալ հայրենիք՝ ազատութեամբ, ուր ան կը ծրագրէ եւ ընտրութիւններ կը կատարէ իր կեանքին եւ իր արժանապատուութեան համար, իր ընտանիքի անդամներուն համար»։

Հազարամեայ աւանդութեան համաձայն, առնուազն 25 վայրեր կան, որոնք Սուրբ Ընտանիքը այցելած է երեք տարուան ժամանակամիջոցին։ Մեկնակէտը Բեթղեհէմն է։ Ապա ճանապարհը կʼանցնի Սինաի անապատի հիւսիսային կողմէն, մուտք գործելով Թալ Պասթա քաղաք։ Ապա Սուրբ Ընտանիքը կʼանցնի Նեղոս գետէն եւ կʼուղղուի դէպի Ուատի Էլ Նաթրուն եւ Էլ Մաթարիաի շրջանը։ Էլ Մաատիի շրջանը, Մենֆիսի շրջակայքը, ճանապարհի այլ մէկ հանգրուանն է։ Վերադարձի ճանապարհին, Մարիամ, Յովսէփ եւ Յիսուս կʼանցնին Ասսիութ լեռը, եւ ապա կը վերադառնան Պաղեստին, կտրելով այլ երկուհազար քիլոմեդր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2019, 12:51