Կարդինալ Սաքօ, Պատրիարք Քաղդէական Եկեղեցւոյ Կարդինալ Սաքօ, Պատրիարք Քաղդէական Եկեղեցւոյ 

Քաղդէացիներու Սիւնհոդոսը կը բանայ դռները աշխարհական հաւատացեալներուն դիմաց:

Այս սիւնհոդոսը առաջինն է որ թոյլ կու տայ աշխարհական հաւատացեալներու մասնակցութիւնը, նպատակ ունենալով «կանգուն պահել ժողովուրդի մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս»՝ ճգնաժամային այս պահուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օգոստոսի 3-13 Պաղտատի մէջ պիտի գումարուի Քաղդէական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը։ Կարդինալ Սաքօ, Պատրիարք Քաղդէական Եկեղեցւոյ, սիւնհոդոսի իր հրաւէրին մէջ կը քաջալերէ ընտրել «մէկ կամ երկու աշխարհականներ, երկու սեռերէ, որոնք կը հասկնան մեր ընկերութիւնը եւ անոր փոփոխութիւնները»։ Սիւնհոդոսին մէջ պիտի կատարուին նաեւ եպիսկոպոսական անուանումներ թափուր աթոռներու համար, պիտի քննարկուին քաղդէացի մարտիրոսներու սրբադասման հարցեր, ինչպէս նաեւ քաղդէացիներու վիճակը Ւրաքի եւ սփիւռքի մէջ։

Սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Պատրիարքական նստավայրին մէջ։ Ժողովէն առաջ պիտի կատարուի երկու օրուան հոգեւոր կրթութիւն մը, Կիպրոսի Մարոնիթ արքեպիսկոպոս Եուսեֆ Սուէյֆի առաջնորդութեամբ։ Աշխարհականները պիտի մասնակցին օգոստոսի 6ի եւ 7ի նիստերուն։

Այս սիւնհոդոսը առաջինն է որ թոյլ կու տայ աշխարհական հաւատացեալներու մասնակցութիւնը, նպատակ ունենալով «կանգուն պահել ժողովուրդի մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս»՝ ճգնաժամային այս պահուն։

Դիմելով եպիսկոպոսներուն, Պատրիարք Սաքօ կը գրէ. «Կը քաջալերեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ընտրել ձեր թեմէն մէկ կամ երկու աշխարհականներ, երկու սեռերէն, մասնակցելու համար 2019ի սիւնհոդոսի առաջին երկու օրուան հանդիպումներուն։ Ընտրուած անհատը պէտք  է ըլլայ ծանօթ եկեղեցական հարցերու։ Այս առաջարկի նպատակն է կանգուն պահել անհատներու մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Աշխարհական հաւատացեալները, այրեր եւ կիներ, մեր եկեղեցւոյ անդամները եւ ընկերակիցներն են՝ իրենց հաւատքով եւ հասարակաց քահանայութեամբ։» Այս պատճառով պէտք է «օգտուիլ աշխարհականներու շնորհապարգեւէն»՝ ի ծառայութիւն Եկեղեցւոյ այս պահուն երբ Ւրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կը տիրէ եկեղեցական, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական դժուարին ժամանակաշրջան մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2019, 09:32