Վենեզուելլայի մէջ մարդկայնական տագնապ Վենեզուելլայի մէջ մարդկայնական տագնապ 

27 Յուլիսին Ասսիզիի մէջ աղօթք Վենեզուելլայի համար

Ասսիզիի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Տոմնեիքօ Սորրենթինօ հրաւէր ուղղած է՝ շաբաթ 27 յուլիսին, աղօթելու Վենեզուելլայի խաղաղութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասսիզի - Նոչերա Ումպրա- Կուալտօ Թատինօ թեմին եպիսկոպոսը գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ՝ հրաւէր ուղղած է, շաբաթ 27 յուլիսին, աղօթելու Վենեզուելլայի խաղաղութեան համար։ Արդարեւ 1986-ին երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կամքով Ասսիզիի մէջ գումարուած խաղաղութեան պատմական համամիութենական հանդիպումին ի յիշատակ, Ասսիզիի մէջ ամէն ամիս 27-ին աղօթք կը մատուցուի ի նպաստ խաղաղութեան ու այս ամսուայ աղօթքը նուիրուած է Վենեզուելլայի։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդիկը արձակուրդի մէջ են, աղօթքը սակայն արձակուրդ  չունի» կը հաստատէ այս առթիւ գերապայծառ Սորրենթինօ իր ուղղած հրաւէրին մէջ, անդրադարձ կատարելով Վենեզուելլայի տագնապին, «որուն լուրերը անհետացան  թերթերու էջերէն», կը նշէ առաջնորդը, մինչ իրականութեան մէջ Վենեզուելլայի ժողովուրդը կ՛ապրի տառապանքի պահեր, ինչպէս յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 14 Յուլիսի արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին։

«Մենք ալ այդ տառապանքի վրայ բարձրացնենք մեր աղօթքի խոնարհ լապտերը։ Վառենք հաւատքի բոցը ու մինչ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք  առ Աստուած հայցելով Անոր շնորհքները, միջազգային քաղականութեան ուշադրութիւնն ու յանձնառումը հրաւիրենք այդ հարցին շուրջ» գրած է միշտ Գերապայծառ Սորրենթինօ  հուսկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կ՛ուզեն միանալ այդ օրուայ աղօթքին հաստատած է « մեր աղօթքով կ՛ուզենք ընկերանալ կողմերու միջեւ կայացած բանակցութիւններուն, որպէսզի Վենեզուելլայի մէջ հաստատուի արդար ու մնայուն խաղաղութիւն մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2019, 12:11