Քարաւաճոյի իւղանկար Քարաւաճոյի իւղանկար 

«Քրիստոս մեզի համար նոր կեանքի առիթ»։ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Աստուած իմ, սորվեցուր ինծի ամէն օր Քեզ յիշել, Քու ձայնիդ լսել, զորս կը հրաւիրէ միշտ դարձի գալու

« Մեկնելու Ժամանակ, Յիսուս Մաքսատան մէջ տեսաւ մարդ մը՝ Մատթէոս անունով եւ ըսաւ անոր․ « Հետեւէ ինծի»։ Իսկոյն ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ իրեն։ Մինչ ճաշի նստած էին անոր տունը, բազմաթիւ մաքսաւորներ եկած ու բազմած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։ Ասիկա տեսնելով, Փարիսեցիները կ՛ըսէին աշակերտներուն․ «Ինչո՞ւ համար ձեր վարդապետը կ՛ուտէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»։ Յիսուս լսելով՝ պատասխանեց անոնց « Առողջ մարդիկ չեն որ պէտք ունին բժիշկին այլ՝ հիւանդները։ Գացէ՛ք ուրեմն սորվեցէ՛ք թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ զոհ։ Որովհետեւ ես եկած եմ կանչելու ո՛չ թէ կանչելու արդարները, այլ՝ մեղաւորները»։ ՄԱՏԹԷՈՍ 9։ 9-13

Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ, Դո՛ւն որ ինձ ստեղծեցիր, Դո՛ւն, որ ինձ համար անջրպետն ու տիեզերքը ստեղծեցիր, եւ ուրեմն «Աստուծոյ» նախախնամութիւնն ամէն օր ինձ հետ կ՛ընկերակցի, այսօր իմ սրտիս խօսիր։ Քու ձայնդ թող որ լսեմ որպէսզի Քեզի հետեւիմ։

Օգնէ՛ ինծի, որպէսզի կարենամ ոտքի կենալ եւ Քեզի հետեւիլ։ Քեզմէ կը խնդրեմ շնորհքը՝ գործունեայ քրիստոնեայ ըլլալ եւ ոչ թէ լոկ՝ պարտականութեամբ։

«Աստուած Սէր է» Պապին շրջաբերական նամակին մէջ, Պենետիքթոս ԺԶ «16» Պապը մեզի կը յիշեցնէ ըսելով, որ․ «Քրիստոնեայ ըլլալու հիմքը ոչ մէկ բարոյական կամ մեծ գաղափարի որոշում կայ, բայց՝ իրադարձութեան մը հանդիպումը, անձի մը հետ, զորս կեանքին նոր հորիզոն մը կուտայ եւ այստեղէն իսկ՝ իր վճռական որոշումը»։ Միայն անհատական հանդիպումով, Յիսուս Քրիստոսի հետ մեր քրիստոնէութիւնը կ՛արդարացնէ։ Ան եկաւ մեր կեանքին մէջ անհատապէս մեզի հետ խօսելու, մեր պատմութեան միջոցով եւ մենք հանդերձ մեր տկարութեամբ՝ Իր Խօսքն ընդունեցինք։ Փարիսեցիները կը հաւատան Աստուծոյ հետ յարաբերութեան միակ հիմքը օրէնքով է, հնազանդութեամբ է եւ հոգեկան գետնի վրայ՝ ճիգ թափելով։ Մատթէոս գեղեցիկ պատմութեան մէջ, Յիսուս ոչ մէկ օրէնք չի թելադրեր, նոյնիսկ ոչ իսկ որեւէ յանդիմանութիւն կ՛ընէ։ Ան սիրոյ լեզուն կը գործածէ, հրապոյրով նայուածք մը կը նետէ, եւ երկու բառերով՝ կ՛ըսէ «Ես եմ»։

Քարավաժի իւղաներկ նկարին մէջ, Սուրբ Մատթէոսի կոչումը ներկայացնելով, Յիսուսին մատը ապագայ առաքեալին վրայ ցոյց տալով, նոյն եւ ճշգրիտ օրինակն է այն Աստուծոյ մատին, զորս Ադամին ստեղծած է Սիքսթինեան Մատուռին մէջ, զորս Մայքըլ Անժէլոն գծած է կամ նկարած է։ Քրիստոսի հետեւելու կոչը նոր ստեղծագործութիւն մըն է։ Սակայն մարդ արարածը սկզբնական մեղքէն ետք, աստուածային կեանքը կը մերժէ։ Քրիստոս ինք մեզի համար նոր կեանքի առիթ կ՛ըլլայ։ Կեանք մը՝ առ զԱստուած։ Քրիստոսի միջամտութիւնն ընդունելու համար, պէտք է գիտնալ, որ մենք մեր մտերմութիւնն Աստուծոյ հետ կորսնցուցած ենք, ինչպէս նաեւ պէտք է գիտնալ, որ մենք մեղաւորներ ենք, եւ մեր ամբողջական մարդկային ոյժերը, անբաւարար են մեր կեանքի իմաստը վերագտնելու։ Քրիստոնէութիւնը մեր բարեհաճ վերաբերմունքով չսկսիր հոգեկան ճիգ թափելու համար, բայց Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպելէն ետք, մեզ գիտակից կը դարձնէ մեր տառապանքները, եւ մեր մէջ կը վարէ դարձի ցանկութիւնը եւ մեզ կը վերստեղծէ աստուածային կեանքով․ «Նշանակութիւնը կամ իմաստը այսպէս հասկնալ ․ «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ։ Իրապէս, ես արդարները կանչելու չեկայ, այլ՝ մեղաւորները»։

Բայց ինչպէ՞ս ընել, օրը օրին, մենք զմեզ Քրիստոսով վերստեղծուելու համար։ Երբ Քրիստոս կ՛ըսէ «Ես եմ», հեռաւոր նպատակակէտ մը ցոյց չի տար, եւ կամ ուր պէտք է հասնիմ։ Այլ, այդ իսկ նշան մըն է որ իրեն պէտք է հետեւիմ, եւ զորս Ան միշտ իմ կողքին է։ Սուրբ Ամպրոսիոս այսպէս կը մեկնաբանէ «Որ երբ աստիճան մը կը բարձրանանք, իւրաքանչիւր քայլ ամէն անգամ քիչ մը աւելի հեռացած է գետնէն, եւ սակայն իւրաքանչիւր քայլի միջեւ եղած միջոցը կամ հեռաւորութիւնը նոյնը կը մնայ»։ Մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ, Քրիստոս մեզի մէկ տեղէն ուրիշ տեղ կը տանի։ Ասիկա է կեանքը, իմ նոր երկնային, աստուածային կեանքը, զորս իրականութիւն է եւ որ իմ խիղճս կը լուսաւորէ Զինք հետեւելու ցանկութեամբ, որովհետեւ ի վերջոյ Ինքն է ճանապարհը, եւ ամէն օր Ան իմ կողքին է։

Շնորհակալ եմ, Աստուած իմ, ինծի կանչելուդ եւ սրբութեամբ՝ Քու ճանապարհիդ մէջ, Քեզի հետեւելու ։ Սորվեցուր ինծի ամէն օր Քեզ յիշելու, Քու ձայնիդ լսելու, զորս ինծի կը հրաւիրէ միշտ դարձի գալու։ Ինծի գործիքդ դարձուր որպէսզի իմ միջոցաւս մեր ժամանակի մարդոց խօսիս։
Խնդրեցէք Քրիստոսէն ուրախ քրիստոնեայ ըլլալու փորձառութիւնը վայելելու։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2019, 07:49