Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Ծիսական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Պենտեկոստէի (21-28 Յուլիս 2019)։

Այս շաբթուայ ընթացքին չի կատարուիր որեւէ սուրբի տօն, այլ ըստ հայկական ծիսակատարութեան, Պահոց շաբաթ կ՛ըլլայ, ուստի եւ զուրկ սուրբի տօներէ։

Հոգեգալստեան վեցերորդ ու վերջին շաբաթը մեզ կը հասցնէ մինչեւ Վարդավառի կամ Պայծառակերպութեան տօնը, որ այս տարի Յուլիս 28-ին տեղի կ՛ունենայ։ Գալով Սուրբերու տօնակատարութեան, այս շաբթուայ ընթացքին չի կատարուիր որեւէ սուրբի տօն, այլ ըստ հայկական ծիսակատարութեան, Պահոց շաբաթ կ՛ըլլայ, ուստի եւ զուրկ սուրբի տօներէ։

Շաբաթ՝ 27 Յուլիսին,  տօն է Տապանակին։ Ինչպէս գիտենք ան հին Ուխտի տապանակն է որ կը պարուանկէ Տասը պատուիրանները զոր Աստուած տուաւ Մովսէսին, Սինայի լերան վրայ, որոնք պիտի ուղղէին ժողովուրդը որ Տիրոջ հրամանով դուրս ելած էր Եգիպտոսէն եւ անապատին մէջէն  կը քալէր դէպի խոստացուած երկիրը։

Ուխտի Տապանակին մէջ կար նաեւ Մովսէսի գաւազանը, որով ան զարկած էր Կարմիր Ծովու ջուրերուն եւ զանոնք երկուքի ճեղքած. Ի վերջոյ կային մի քանի կտորներ երկնքէն իջած Մանանայէն, դրուած ոսկիէ սափորի մը մէջ։

Տապանակը կը պատկերացնէ Եկեղեցին. Ան է սրբութիւն սրբոցը հին կտակարանին եւ խորհրդանիշն է նոր կտակարանի սրբութիւն սրբոցին որ է Յիսուսի-Քրիստոսի սուրբ մարմինն ու արիւնը ամենասուրբ հաղորդութեան մէջ։

Հայ եկեղեցին կը տօնէ ոչ միայն հին կտակարանի սրբութիւնները, ինչպէս զոր օրինակ Տապանակը, այլ նաեւ բոլոր հին կտակարանի սրբակեաց անձերը. Կը տօնէ նախահայրերը, Ադամէն մինչեւ Նոյ, կը տօնէ նահապետները, Աբրահամէն մինչեւ Յովսէփ Գեղեցիկ, ինչպէս նաեւ բոլոր Մարգարէները, 12 մեծ կոչուած մարգարէները, Մովսէսէն մինչեւ Դանիէլ եւ 12 փոքր կոչուածները, Ամովսէն մինչեւ Զաքարիա։

Եկեղեցին կազմուած է Աստուծոյ ժողովուրդի անդամներէն. Արդ` հին կտակարանի մէջ է որ կազմուած է Աստուծոյ ժողովուրդը, յատուկ ընտրութեամբ մը միւս բոլոր ժողովուրդներու ընդմէջէն. Աբրահամէն յառաջ եկող սերունդը կոչուեցաւ ժողովուրդ Աստուծոյ, օժտուած յատուկ կոչմամբ մը` պատրաստելու գալուստը Մեսիային։

Իսկ Յիսուս Քրիստոսի գալուստէն ետք` Աստուծոյ ժողովուրդ եղան բոլոր անոնք որոնք ընդունեցան իր պատգամը եւ հաւատացին Քրիստոսի. Անոնք որ մկրտուելով դարձան նոր ժողովուրդ, այսինքն Աստուծոյ իսկական ժողովուրդ, ուր զանազանութիւն չկայ այլեւս ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ, այլ` ամէնքը մէկ են Քրիստոսով։

Եկեղեցւոյ այս ըմբռնումը եւ կապը հին կտակարանին հետ յատկանիշեր են մասնաւորապէս հայ Եկեղեցւոյ եւ ընդհրանրապէս բոլոր մեծ տօներու նախօրեակին` կը տօնուին անոնք, երբեմն Տապանակի անուան տակ, երբեմն Շողակաթ անուան ներքոյ, երբեմն ալ Կաթողիկէ կամ Սուրբ Էջմիածին անունով։

Հայ Եկեղեցին, իր կազմութեան ըմթացքին` մեծապէս օգտուեցաւ Երուսաղէմի Եկեղեցիէն, հոն տեսնելով ամէնէն հարազատ պատկերը Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցիին։ Այս պատճառաւ է որ մեծամասնութիւնը մեր սովորութիւններուն, ինչպէս վարագոյրը որ կը ծածկէ խորանը եւ Հին Կտակարանի սուրբերու տօները, առնուած են Հին Ուխտէն եւ Տապանակի տօնը եւս մաս կը կազմէ այս տօներուն։

Այս տօնով կ՛ուզենք ապացուցանել որ ի սկզբանէ գոյութիւն ունէր Եկեղեցին եւ Հին ուխտի տապանակը կը հանդիսանայ խորհրդանիշը մեր եկեղեցիներու մէջ գտնուող արդի տապանակներուն, որոնց մէջ զետեղուած է եւ պաշտամունքի առարկայ է յաւիտենական կեանքի հացը, Սուրբ Հաղորդութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2019, 10:35