Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը 

Պայծառակերպութիւնը տօն փոփոխութեան

Մեր Տէրը այդ բարձր լերան վրայ մարդկութեան ցոյց կու տայ իր անբացատրելի բայց հրաշալի Աստուածութիւնը։

«Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէս եւ Եղիա, որոնք հետը կը խօսէին։ Պետրոս ըսաւ Յիսուսի․ «Տէ՛ր, լաւ է մեզի հոս մնալ եւ եթէ ուզես, երեք վրաններ լարեմ, մէկը Քեզի, միւսը՝ Մովսէսի եւ երրորդը՝ Եղիայի համար»։ Մինչ կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք եւ ամպի մէջէն ձայն մը կ՛ըսէր․ «Ասիկա իմ սիրելի Որդիս է, զոր ես հաճեցայ ընտրել, անոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 17։ 3-5)։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, իր երեք աշակերտներով միասին Թաբոր լեռը կը բարձրանայ։ Այնտեղ՝ այդ լերան վրայ, կը պատահի անկարելին։ Իր աշակերտները յոգնած էին եւ կամաց-կամաց քունի անցնելով խոր քուն մը քաշելու կը սկսին։ Իսկ մեր Տէրը, այդ ընթացքին կը կերպարանափոխուի, կը պայծառակերպուի։ Մեր Տիրոջ դէմքը արեւի լոյսէն աւելի զորաւոր լոյսով մը կը լուսաւորուի, եւ իր զգեստները լոյսի նման սպիտակ կը դառնան։

Այս միջոցին, յանկարծ Պետրոս գլուխը կը վերցնէ եւ կը տեսնէ, որ Տէրը Յիսուս Քրիստոս անբացատրելի լոյսերու մէջ ծածկուած է եւ կը խօսի Հին Կտակարանի Օրէնքի ու Մարգարէութեան կարեւոր անձերուն՝ Մովսէսին ու Եղիային հետ։

Ճիշդ այս պահուն էր, որ Պետրոս անկախ իրմէ կը դառնայ կ՛ըսէ․ «Տէ՛ր, լաւ է մեզի հոս մնալ եւ եթէ ուզես, երեք վրաններ լարեմ, մէկը Քեզի, միւսը՝ Մովսէսի եւ երրորդը՝ Եղիայի համար»։

Այս խօսքէն ետք, երկինքէն ամպ մը ծածկեց իրենց վրայ եւ ձայն մը որոտաց, որ կ՛ըսէր․ «Դա է իմ սիրելի Որդին, ատոր լսեցէ՛ք»։

Աւետարանիչը մեզի շատ գեղեցիկ ու պատկերաւոր կերպով կը նկարագրէ մեր Տիրոջ Այլակերպութեան, կամ ուրիշ հայերէն գեղեցիկ բառերով՝ Պայծարակերպութեան, կերպարանափոխման շարժառիթը։

Մեր Տէրը այդ բարձր լերան վրայ մարդկութեան ցոյց կու տայ իր անբացատրելի բայց հրաշալի Աստուածութիւնը։

Այդ բարձր լեռը, սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, այն տեղն է, ուր Աստուած միայն իր լուսաւոր փառքին մէջ կը բնակի, եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ պէտք է այդ հոգեւոր բարձրունքը բարձրանայ։

Այդ հոգեւոր բարձրունքը բարձրանալու համար պէտք է տքնիլ, չարչարուիլ, առաւել եւս, մեր Սուրբ Հայրերուն նման, Քրիստոսի Սուրբ նահատակներուն նման պէտք է մեր թեւերը լաւ բանանք ու բարձր լեռներուն վրայ՝ արծիւներուն նման՝ սաւառնինք դէպի Երկնային անբացատրելի հոգեւոր Լոյսը։

Այո,՛ Քրիստոս Լոյս է անբացատրելի ճշմարտութիւն, զորս այսօր աշխարհը կը մերժէ Զինք հետեւելու։ Մարդիկ աւելի յառաջ անցնելով՝ կ՛ուրանայ Աստուածորդիին եւ այսօր Քրիստոսի հիմնած հզօր եւ Սուրբ Եկեղեցին յարձակումներու կ՛ենթարկուի ու չեն ուզեր Անոր առջեւ գալ, ու իրենք իրենց Քրիստոսին յանձնել։

Այո՛, սատանան եւ անոր հնազանդողները, այսօր ամէն տեղ ոչ միայն Քրիստոսին եւ Անոր Եկեղեցիին դեմ կը պայքարին, այլեւ Քրիստոնէական սրբութիւններն ու ընտանեկան սրբութիւնները, աւանդութիւնները ոտնակոխ կ՛ընեն։ Այսօր ազատութեան անունին ներքոյ, չար սատանան եւ  իր գործակիցները կ՛ուզեն, որ հաւատացեալ մարդը իր Արարիչէն հեռանայ, ու զինք՝ ստրկացնեն։

Սակայն միշտ պէտք է յիշենք, որ Տէրը անպայման մեզի կը սպասէ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը սպասէ որ իր Թաբոր Լեռը՝ Հոգեւոր Բարձրունքը դառնանք ու մեր քայլերը դէպի Իր կողմը դարձնենք։

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, Թաբոր Լերան վրայ մեր Տիրոջմէ ճառագայթող Լոյսը լոկ լոյս չէ, այլ լոյս մը՝ զորս Աստուած միայն կրնայ այդ լուսաւորութեան մէջ ըլլալ, եւ Լոյսին հասնելու համար ինչպէս վերը նշեցինք, աշխարհիկ կեանք ապրելով, չենք կրնար այդ վերելքին հասնիլ։ Այլ մեզմէ կը պահանջուի Սուրբ Գիրքի խօսքերը մեր սովորական կեանքին մէջ՝ ամէն օր ապրիլ, հետեւիլ մեր Տիրոջ՝ մեր ամենօրեայ խաչը գրկած։ Մէկ խօսքով՝ հոգեւոր առաքինութիւններով զարդարուիլ ինչպէս մեր նախնիքներն էին։

Նայինք այդ Բարձր Լերան Լոյսին, Յիսուս Քրիստոսին, եւ աշակերտներուն նման, Օծեալին ձայնին լսենք։ Լսենք Անոր՝ նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ Անիկա է ճշմարիտ լուսաւոր ճամբան, զորս մեզի կ՛առաջնորդէ դեպի փրկութիւն, երկնային թագաւորութիւն։

Այս տօնին առթիւ, թող մեր հոգիները պայծառակերպուին ու նորոգուած հոգիով ու հաւատքով զօրացած մեր այս դժուարին ճանապարհը գալենք միշտ փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից․ ամէն։ 

Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2019, 08:37