Որոնել

Վանի Եկեղեցին Վանի Եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ի՞նչ ըրած եմ որ…

Յանցանքի մը իբրեւ հետեւանք, պատիժ կրելու որոշումը մարդիկ միշտ դժկամակութեամբ կ՛ընդունին: «Ի՞նչ ըրած եմ որ», «սխալս ո՞ւր էր», «ես պիտի բողոքեմ» ըսելով, մարդիկ միշտ ալ պատրաստ են իրենց իմացած ձեւով արդարութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարելու: Ասիկա այնպիսի երեւոյթ մըն է, որ մարդուն բնազդին մէջ կը գտնուի արմատացած եւ շատ վաղ տարիքէն կը յայտնէ իր ինքնութիւնը:

Մանուկները նոյնիսկ եթէ յանցաւոր ըլլան իրենց կատարած սխալ արարքի մը համար, շուտով ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն: Անոնց մեծ մասը լռութեամբ կամ թաքնուելով կը պաշտպանուի: Տեսած էք հաւանաբար, թէ ինչպէս անոնցմէ շատերը լուռ կը մնան երբ ծնողքը կամ դաստիարակներ յանդիմանեն զիրենք: Յոռեգոյն պարագային լացի ուժին կը դիմեն անոնք, իրենց տրամաբանութեամբ ծնողքին կամ դաստիարակներուն գութը շարժելու համար: Այլապէս գլուխնին հակած եւ իրենց նայուածքը գետին սեւեռած, կը սպասեն յանդիմանութեան աւարտին:

Աւելի յարձակողապաշտ կամ մանուկներու համար տարածում գտած բառով մը՝ շփացած երեխաներ կը պատասխանեն զիրենք յանդիմանողներուն, ինքնապաշտպանութեան միախառնելով ստախօսութիւն, գէթ այդ աննպաստ պահէն իրենց անձը փրկելու համար: Մասնագէտ մանկավարժներ ներողամտութեամբ չե՛ն մօտենար այս հարցին, որովհետեւ հետագային շատ ցաւալի հետեւանքներ ի յայտ պիտի գան: Ծնողքին գութը երբեմն սխալ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, եւ երեխան տեսնելով որ ծնողքը ներողամիտ գտնուեցաւ, կը քաջալերուի իր ստախօսութեան մէջ, աւելի համարձակ խօսելով յաջորդ սուտը:

Ներկայ մանկավարժութիւնը «ծեծ» ու «վախ» բառերը կը փոխարինէ «պատժամիջոցներ» բառով, առաջին երկուքին տալով ժխտական եւ վտանգաւոր որակում: Ամբողջութեամբ համաձայն ենք, որովհետեւ անասուններու դաստիարակութեան համար օգտագործուող երկու հիմնական միջոցներն են անոնք: Ուրեմն, բանաւոր էակին համար նման միջոցներ ձեռք առնելը յիմարութիւն է: Վերոյիշեալ պատժամիջոցներուն մէջ կը մտնեն զրկանքի տեսակներ, որոնք անպայման սնունդէ կամ լուսաւոր սենեակէ զրկուիլ չեն նշանակեր:

Բարոյական խրատները մարդիկ կը սկսին լսելու իրենց ամէնէն վաղ տարիքէն: Ինչ տարիքի ալ հասնին, մարդիկ իրենց ականջներուն մէջ դեռ կը լսեն իրենց ծնողներուն բարի խրատներուն շշնչիւնը, դպրոցի դաստիարակներուն զգուշացման կոչերը, յանդիմանութիւնները, երբեմն բարոյական պատիժները, որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ներգործող ազդեցութիւն կ՛ունենան: Այդ շշնչիւնն է որ երբեմն կը կանխէ մեծ յանցագործութիւններ, որոնք աղէտ կրնային դառնալ մեծ զանգուածներու:

Ծեծի վախը եթէ ընդհանրապէս վերցուեր է ներկայ մանկավարժական կանոնագիրքէն, սակայն անոր փոխարէն գոնէ հաշիւ պէտք է սորվեցուի մանուկներուն, այսինքն իրենց կրելիք պատիժին երկարատեւ ըլլալուն հանգամանքը:

«Բարոյական գումարներ»ու հաշուապահ դառնալու համար բարոյական բարձրութիւն պէտք է ունենայ տուեալ ենթական, այլապէս ամէնէն արդիական հաշուիչ մեքենան ալ անլուծելի կը համարէ ներկայացուած հաշիւը, խանգարելով մարդկային ընկերութեան կեանքին անդորրը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2019, 15:29