Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Հաշիւը Գիտցողը

Հաշիւը գիտնալ, ո՛չ թէ միայն կը նշանակէ տնտեսագէտ ըլլալ կամ թուաբանութեան կանոնները լաւ գիտնալ, այլեւ «գործը գիտցող» ըլլալ:
Մարդկութեան կեանքը լեցուն է երկու տեսակներով: Այսինքն՝ «գործը գիտցող» մարդոցմով եւ հակառակը՝ «գործը չգիտցողներով»:
Այս երկու տեսակներուն որակաւորումը պարզ ժողովուրդը կը կատարէ, առաջինները համարելով խորամանկ, երբեմն ագահ կամ կծծի, անձնական շահը գերադասող, մինչեւ իսկ նենգամիտ, ստախօս ու խաբեբայ, իսկ երկրորդները համարելով բարի (այս բառին ծուռ իմաստով՝ իբրեւ յիմար, անխելք, միամիտ ու միշտ խաբուելու ատակ), անկեղծ, նուիրեալ, անձնազոհ, եղբայրասէր եւ այլ առաքինութիւններով զարդարուած անձ:

Յիսուսի մտածողութիւնը երկուքին հաւասարակշռութիւնը ցոյց կու տայ, աղաւնիի միամտութեան եւ օձի խորամանկութեան միջեւ տեղ մը վերապահելով իր հետեւորդներուն: Այսինքն Ան չ՛ուզեր որ քրիստոնեայ մարդը միշտ հալածական ըլլլայ վասն հաւատոյ, ո՛չ ալ իր քրիստոնէական առաքինութիւններ ուսուցանող կրօնքին բերումով գիտակցաբար խաբուի իր առօրեայ կեանքին մէջ:
Նման դէպքեր պատահած են նոյնիսկ մեր ապրած օրերուն ընթացքին, երբ լսած ենք որ այսինչ կամ այնինչ դատարկապորտ քարոզիչին ձաբռտուքը մտիկ ընելով, միամիտ անձեր, իրենց ճակտի քրտինքով տեղ հասած՝ ցրած են իրենց ունեցած ամբողջ հարստութիւնը, զայն բաժնելով աղքատներուն։
Միւս տեսակն ալ իր բացարձակ ձեւին մէջ ծայրայեղութիւն պէտք է համարել, որովհետեւ խարդախութեամբ լեցուած կեանքի մը օրերը ո՛չ միայն շրջապատին համար վտանգաւոր են, այլեւ իրեն՝ խարդախ մարդուն, որուն գամած աստիճանները որքան ալ բարձր ըլլան, դարձեալ երկինք չե՛ն կրնար հասցնել զինք: Բաբելոնի աշտարակը յաճախ մոռացութեան կը տրուի մարդկութեան կողմէ, որուն հիմնադիրներուն եւ որմնադիրներուն հիմնական նպատակն էր զայն հասցնել մինչեւ երկինքի դուռը: Սակայն բոլորիս ալ ծանօթ է ատոր անփառունակ վախճանը:

Թէ որո՞ւ համար կ՛ամբարեն, որքա՞ն երկար ապրելու անրջական հեռանկար կը գծագրեն նման մարդիկ, դեռ անհասկնալի կը մնայ մեզմէ շատերուն: Անոնցմէ ոմանք ալ յանկարծամահ գետին կը փռուին, չկարենալով օրինակ հանդիսանալ անկուշտ աչքով հաւաքող այլ անձերու, որոնց գործունէական գլխաւոր միջոցը խարդախութիւնն է: Դարձեալ Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մտածողութիւնը վերյիշելով, անմիտ մեծահարուստին առակը օրինակ կը ծառայեցնենք, որ աւելի մեծ ամբարներ շինելով ծրագրեց աւելի՛ բերք ամբարել, սակայն իրեն իմաց տրուեցաւ, որ այդ գիշեր իր հոգին առնուելու էր: Հոգէառին թակոցը լսելով իր կեանքի դռան վրայ, վստահաբար ան ամէն ինչ թողած՝ հեռացաւ այս աշխարհէն, չիմանալով նոյնիսկ թէ ինչ եղան իր ամբարները կամ այնտեղ լեցուած ամբողջ ունեցուածքը:
«Հաշիւը գիտցող» ըլլալու երեւոյթը նաեւ պէտք է մեկնաբանել փոխյարաբերական կեանքի իր իմաստով: Ամէն ճշմարտութիւն բացայայտ չ՛ըսուիր. կ՛ըսէ առածը, ո՛չ թէ հակաբարոյական կանոն մը հաստատելու նկատառումով, այլ պարզապէս ճիշդ խօսքը ճի՛շդ տեղին ըսելու օրէնքը սորվեցնելով անմիտներուն: Ի՞նչ իմաստ ունի ճշմարտութիւնը մերկացնել աննպաստ պահու մը, երբ անիկա արիւնահեղութեան պատճառ պիտի հանդիսանայ հակամարտող կողմերուն միջեւ:

Դարձեալ «Հաշիւը գիտցող» ըլլալու երեւոյթը պէտք է մեկնաբանել յարգանքի իմաստով: Աշխատանքի մէջ ստորադաս անձ մը իր վարպետին պատասխան չի՛ տար, նոյնիսկ եթէ գիտնայ թէ իր ըսածն է ճիշդը: Ուստի, համեստութեամբ կ՛ենթարկուի ան, նոյնիսկ գործին համար վնասաբեր համարած հրահանգին, երբ զայն տուողը գործատէրն է: Հայկական գեղեցիկ առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Այն ձեռքը, զոր չե՛ս կրնար կտրել, համբուրէ՛ եւ ճակտիդ դի՛ր»:
Կը պատմուի, որ հրեայ մը հաշուապահ կը փնտռէր եւ ամէն տեղ յայտարարութիւն փակցուցած էր: Հրեայ վաճառականը հարցազրոյց կատարած էր եւ շատեր մերժած։ Ան պարզապէս մէկ հարցում կը հարցնէր բոլորին, ապա մերժուած ըլլալը կը յայտնէր անոր, տուն ճամբելով զայն: Հաշուապահի յարմար թեկնածու փնտռելով, բնականաբար հաշուական հարցում մը պիտի հարցնէր ան: Ուստի բոլոր ներս մտնողներուն կը հարցնէր երկու անգամ երկու ի՞նչ գումար կու տայ…: Բոլոր թեկնածուներն ալ ծիծաղելով կը պատասխանէին՝ չորս: Միայն ընդունուող թեկնածուն, որ զարմացուցած էր դուրսը հերթի կանգնողները, հարցումին կը պատասխանէ՝ ըսելով. «Ինչ որ դուն ըսես՝ այդ գումարը կու տայ»: Այսպիսով կ՛ընդունուի ան աշխատանքի: Անիկա անպայման խաբեբայ, խարդախ կամ նենգամիտ մարդ մը չէ՛, այլ թերեւս օրապահիկը վաստակելու համար աշխատանքի մը հետամուտ անձ, որ պարզապէս կ՛ուզէ իրեն տրուած գործը հաւատարմութեամբ կատարել ու իր աւարտին հասցնել:

Դուն ալ հաշիւդ գիտցի՛ր, ինչքան ալ ուսողութեան մէջ բարձրագոյն վկայականներու տիրացած ըլլաս, որովհետեւ համալսարանին մէջ սորվածներդ, վաճառականամիտ շուկային մէջ մասնաւոր արժէք չե՛ն ներկայացներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2019, 10:30