Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Կը Հաւատա՞ս Հրաշքներու Կատարման։

Կեանքի մէջ երեւոյթ մը կայ, որուն կարիքը ունինք ամէնքս: Չկայ մէկը, որ ըսէ, թէ ինք ամենակարող է եւ ուրիշին օժանդակութեան կարիքը չըզգար: Այդ ստորոգելին ՝՝Ամենակարողութիւն՝՝ը, Աստուծոյ կը պատկանի ու միայն իրեն կը վայելէ:
Մենք գիտենք, որ երբ յանկարծ դժուարութեան մը կամ նեղութեան մը հանդիպինք, կ’ուզենք հաւատալ, որ յանկարծ զօրաւոր միջամտութիւն մը կրնայ մեզ դուրս բերել այդ նեղ կացութենէն: Զօրաւոր յոյս մը կ’ունենանք, ամուր հաւատքով մը կը փարինք այնպիսի հաւատքի առարկաներու, որոնց մասին շատ ալ չէինք մտածեր մեր առօրեայ կեանքի հեւքին մէջ: Մէկ խօսքով, երկնային միջամտութիւն մը կը փնտռենք, որուն պատահիլը սրտանց կը փափաքինք եւ կ’ուզենք, որ ճիշդ մեր ուզած պահուն պատահի անիկա մեզի:Սովորական հասկացողութեամբ «արտասովոր երեւոյթ» պիտի կոչէին անհաւատներ, իսկ մենք կը սիրենք այդ արտասովոր երեւոյթը «հրաշք» կոչել: 

Բնութեան մէջ շա՜տ հրաշազան երեւոյթներ կան, որոնք նախամարդուն հայեցողութեամբ ոչ միայն հրաշքի համազօր երեւոյթներ էին, այլ նոյնինքն հրաշքներ կը համարուէին: Այսպէս՝ փայլատակումը, շանթը, քամիին ուժը, ծաղկող ծառ մը եւ բնութեան տարբեր երեւոյթները իրենց կրած փոփոխութիւններով, նախամարդուն հասողութենէն վեր իրականութիւններ էին, որոնց դիմաց միայն կրնար բերանբաց մնալ ու ապշիլ:

Այստեղ կը յայտնուի ճշմարտութիւն մը, թէ հրաշքը գերմարդկային կարողութիւն մըն է: Ճիշդ ասոր համար է, որ մարդոց կողմէ կատարուած երբեմն դժուարին աշխատանքներ, գերմարդկային ճիգի արդիւնք կը համարուին եւ տուեալ անձեր յաւելեալ յարգանքի կ’արժանանան: Այս կեանքին մէջ մարդոց կատարած աշխատանքները, պարտականութիւնները առհասարակ անոնց կարողութեան չափին համաձայն կը տրուին: Յաճախ երբ աշխատանք մը կը յանձնարարուի անձի մը, կը թելադրուի կատարել զայն իր «կարելիութեան սահմանին» մէջ, որ անոր կարողութեան չափը ճշդելէ աւելի, կը նշանակէ, թէ մարդկայնօրէն կարելի՛ է իրագործել այդ աշխատանքը: Իսկ միւս կողմէ, պարտականութիւն ստանձնող անձեր ալ երբեմն կ’ըսեն. «Եթէ կարողութիւնս ներէ՝ կը կատարեմ այդ»: Սա ալ կը նշանակէ, թէ կրնա՛յ կատարել, սակայն փորձ մը պիտի ընէ, կատարեալ ու ամբողջական ձեւով ներկայացնելու աշխատանքին արդիւնքը:

Զինուորական ծառայութեան մէջ, կամ հրշէջային մարդասիրական անձնուէր ծառայութեան մատուցման ճամբուն վրայ նահատակուողներու պարագային, մեծ յարգանք կ’ընծայուի անոր՝ որ մարդկայնօրէն իր գերագոյն ճիգը ի գործ դրաւ կեանք մը փրկելու, կամ հայրենիքը ազատագրելու ճամբուն վրայ:
Այս բոլորէն տարբեր է անշուշտ երկնային միջամտութեան մը արդիւնք եղող հրաշքը: Անիկա ճիշդ է՝ գերմարդկային է, սակայն մարդկային բացառիկ ճիգով մը չէ, որ կը կատարուի, այլ ուղղակի Աստուածային միջամտութեամբ:
Յիսուսի երեքամեայ առաքելութիւնը լեցուն է հրաշքներով: Իր աշակերտները ինչ որ տեսան, վկայեցին այդ մասին, եւ այդ վկայութիւններուն մէջ, քրիստոնէական վարդապետութեան սկզ-բունքներուն կողքին կան նաեւ Յիսուսի կատարած հրաշքները, որոնցմէ միայն ոմանք վստահաբար արձանագրուած են այնտեղ:

Ւնչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ հրաշքը, զանազան բացատրութիւններ գոյութիւն ունին այդ մասին:
Առնենք կոյրերու բժշկութեան պարագան: Բոլորդ ալ կը յիշէք, որ ճամբուն եզրին նստած կոյրը երբ լսեց, թէ Յիսուս կ’անցնի այդտեղէն, սկսաւ աղաղակել եւ ըսել. Յիսուս, որդի Դաւթի, ողորմէ ինձ: Այստեղ եթէ կայ Աստուածային կարողութիւնը մեր Տիրոջ, միւս կողմէ անոր ընդառաջ գացող մարդկային սրտին մղումը կայ, որուն կարողութիւնը եւս մեզմէ շատերուն յայտնի է: Աւետարաններուն մէջ պատմուած է նաեւ՝ Յիսուսի կատարած ամէնէն տարօրինակ հրաշագործութիւնը, որ է. ՝՝Ղազարոսի յարութիւնը՝՝: Չորս օրուան թաղուած մեռելը, որ երիզապինդ կապուած էր, ինչպէ՞ս կրնար Յիսուսի հարցումին պատասխանել, սակայն հրաշքը տեղի ունեցաւ: Հարցումներ են ասոնք, որոնք աներկբայօրէն կը հաստատեն Յիսուսի ամենակարողութիւնը իբրեւ Աստուած:

Բնականօրէն, ներկայ դարու գիտական յառաջդիմութեան մէջ հրաշքին իրականութեան համապատասխան ըլլալուն դիմաց մեծ հարցական մը կը դրուի ոչ միայն գիտնականներուն կողմէ, այլ նոյնիսկ պարզ մարդոց կողմէ, ըլլան անոնք ուսանողներ, թէ աշխատաւոր դասակարգ: Երբեմն, զարմանալիօրէն, հրաշքներուն ճշմարտացիութիւնը հարցականի տակ առնողներուն մէջ կարելի է տեսնել նաեւ հաւատացեալներ:

Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, հրաշքներու կատարման մասին. ՝՝անոնք կը կատարուին Աստուծոյ փառքը ցոյց տալու համար՝՝:
Ստոյգ մահէ մը երբ ազատինք, հազար ուխտերով ու աղօթքներով կը դիմենք Աստուծոյ եւ կատարուածը հրաշք իբրեւ կ’ընդունինք: Ծանր հիւանդութենէ մը երբ դուրս գանք, մենք կամ մեր հարազատներէն մէկը, եղածը շուտով հրաշքի համազօր կը նկատենք եւ կը խոստովանինք, որ Աստուա՛ծ փրկեց զայն:

Հրաշքները ճանչնալու համար պէտք է հաւատանք հրաշագործին՝ Քրիստոսի, որուն ուժը, աստուածային կարողութիւնը ո՛չ միայն թերութիւններ սրբագրելու համար է, Աւետարաններուն մէջ յիշուած հրաշքներուն նման արարքներով, այլ Կեանք պարգեւելու եւ առաւել կեանքը…:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2019, 09:55