Որոնել

Սուրիա Սուրիա 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութեան երկու նոր ծրագիրները:

Երկու նոր ծրագիրներ Սուրիոյ դժուար պայմաններուն մէջ գտնուող բնակչութեան՝ մէկը Հալէպի մէջ երկրորդը Դամասկոս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը երկու նոր ծրագիրներով կ՝աջակցի Սուրիոյ քրիստոնեաներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ ճակատիլ անտարբերութեան դէմ, անգամ մը եւս աջակցելով հալածուած փոքրամասնութիւններուն: 

Այսպէս արտայայտուած է վերոնշեալ կազմակերպութեան տնօրէնը, հիմնարկի երկու տարբեր ծրագիրները ներկայացնելու ժամանակ,  որոնց նպատակն է օգնութեան հասնիլ  Սուրիոյ տառապող բնակչութեան:   

Վատիկան նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէն՝ Ալեստանտրօ Մոնթետուրօ,  յայտնեց թէ հարստահարութեան դէմ պայքարելու համար կայ միակ ձեւ,  այն է աջակցիլ  փոքրամասնութիւններուն,  նախ եւ առաջ  կրօնական փոքրամասնութիւններուն,  յատկապէս աղքատ, հարստահարուած,  քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն :

Ան ապա խօսելով հիմնարկի երկու ծրագիրներուն մասին նշեց   որ առաջին ծրագիրը կը հայի Հալէպ քաղաքի տառապող ժողովուրդին, եւ ան  կայանայ ուտեստեղէն հայթայթելու՝   դժուար պայմաններուն մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ այս կատարելով Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն կազմակերպութիւնը ընդառաջած կ՝ըլլայ Հալէպի  Լատիններու  առաքելական փոխանորդին խնդրանքին, որ է օգնել  աղքատ ընտանիքներուն:

Ինչ կը հայի հիմնարկի երկրորդ ծրագիրին, Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ կազմակերպութեան տնօրէնը նշեց, որ    անիկա կը հայի Դամասկոսի հիւանդ քրիստոնեաներուն,  որոնք յարատեւ դարմանումին կարիքը ունի եւ զերծ են  նիւթական որեւէ հնարաւորութենէ՝ դեղորայք գնելու համար:

Նշենք, թէ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր, 2011-2018 երկարող տարիներուն, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն կազմակերպութիւնը, սուրիոյ մէջ տեղական եկեղեցիներուն նիւթական օգնութիւն մակատարած է շուրջ 30 միլիոն եւ 400 հազար եւրօ:  Բարեսիրական կազմակերպութիւնը  աջակցած է նաեւ  եկեղեցիներու եւ բնակարաններուն վերակառուցման  աշխատանքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2019, 09:00