Որոնել

Իրաքի քրիստոնեաներ Իրաքի քրիստոնեաներ  

«Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութիւնը աղբիւր է խաղաղութեան» Գերապայծառ Վարտունի։

Գերապայծառ Վարտունի նշեց թէ իրենք այժմէն պիտի աղօթեն որպէսզի Քահանայապետին ճամբորդութիւնը իրական դառնայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 10 յունիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով  Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութիւն մատուցող  հաստատութիւններու համախմբումի  անդամները անոնց արտայայտեց փափաքը յառաջիկայ 2020ին այցելելու Իրաքը։ Այս լուրը  իմանալով Պաղտատի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Շելմոն Վարտունի Իրաքի քրիստոնեաներու երջանկութեան պատուիրակը հանդիսանալով՝  հաստատեց թէ այս լուրը ուրախութիւն եւ սէր արտայայտող լուր է։

Քահանայապետը չուզեր ոչ մէկը թողուլ ու յատկապէս անոնք որոնք աւելիով դժուար կացութեան մէջ են եւ կ՛ուզէ զանոնք քաջալերել ու անոնց ուժ պարգեւել յառաջ ընթանալու համար՝ առանց վախի։ Քահանայապետի այցելութեան լուրը կը խանդավառէ ոչ միայն քրիստոնեաները այլ համայն Իրաքի բնակիչները նշեց  գերապայծառ Վարտունի լուրը որակելով քաջութիւն ներշնչող լուր մը։ Ան ապա նշեց թէ իրենք կը սպասեն խաղաղութիւնը եւ կ՛ուզեն որ այդ խաղաղութիւնը իրականանայ ու կ՛աղօթեն այդ դիտաւորութեան համար ու այժմէն պիտի աղօթեն նաեւ որպէսզի Քահանայապետին ճամբորդութիւնը իրական դառնայ ու յոյս ներշնչէ բոլորին որպէսզի Իրաքը դարձեալ ըլլայ համակեցութեան եւ բարեկամութեան վայր։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2019, 08:48