Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը 

Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը սկսաւ:

Երեքշաբթի, 18 Յունիսին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ մը

ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ», «Մարմարա».- Երեքշաբթի, 18 Յունիսին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ մը՝ նախագահութեամբ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Սահակ եպս. Մաշալեանի:

Յառաջիկայ շաբաթ (27 Յունիս) նախատեսուած տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ, Կրօնական ժողովը գումարուեցաւ՝ Եկեղեցականաց համագումարի կազմակերպման օրակարգով: Ներկայ փուլին, Արամ արք. Աթէշեանի եւ Սահակ եպս. Մաշալեանի մօտեցումները ընդհանուր առմամբ կը համընկնին, որպէսզի տեղապահ մը ընտրուի ըստ Պոլսոյ պատրիարքութեան վաղեմի նախընթացներուն եւ կարգ ու կանոնին:

Յիշեցնենք, որ նախապէս որոշուած էր պատրիարքական փոխանորդի գլխաւորութեամբ կազմակերպել ընտրութեան գործընթացը, բայց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սոյլու այցելած էր պատրիարքարան եւ եկեղեցական կանոնադրութիւնը նկատի ունենալով, այդ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր, որ ընտրութիւնը կատարուի տեղապահի գլխաւորութեամբ։

Երեքշաբթի օրուան նիստէն առաջ, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին եւ յատկապէս տեղապահի մը ընտրութեան շուրջ։

Տեղապահի մը ընտրութեան հարցին՝ անշրջադարձելիօրէն օրակարգի վրայ գալէն ի վեր, Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ զանազան տեսակէտներ շրջանառութեան մէջ դրուած էին: Կարգ մը շրջանակներ կը պահանջեն, որ պատրիարքական աթոռի հոգեւորականաց դասէն դուրս, արտասահմանէն հոգեւորական մը ստանձնէ տեղապահի պաշտօնը: Այս մօտեցումը յառաջ կը քշուի այն հիմնաւորումով, որ դուրսէն եկող այդ հոգեւորականը պէտք չէ ըլլայ պատրիարքի թեկնածու, ուստի այսպիսով կարելի կրնայ ըլլալ երաշխաւորել ընտրութեան գործընթացի անաչառութիւնը, անկողմնակալութիւնը:

«Բոլոր տեսակէտները բնականաբար յարգելի են, սակայն այս պարագային զարմանալին այն է, որ արտայայտուած կարծիքները մեր պատրիարքական աթոռին նախընթացներէն, մեր աւանդական կանոններէն բոլորովին հեռու են: Արդարեւ, Պոլսոյ աթոռի աւանդութիւններով, դուրսէն հոգեւորական մը կրնայ պատրիարք ընտրուիլ, սակայն տեղապահ կրնայ ընտրուիլ միայն տեղւոյն վրայ գործող հոգեւորական մը: Երեւոյթը այն է, որ գոյութիւն ունեցող համայնքի բեւեռացումները վտանգ կը ստեղծեն մարդոց կողմէ տարրական կանոններու մոռացութեան», կը գրէ «Ժամանակ» թերթը:

Սահակ եպս. Մաշալեանի կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը կ՛անդրադառնայ այս հարցին եւ դիպուկ ձեւով կը բացատրէ ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը՝ եզրակացնելով. «Ներկայ դրութիւնը առիթ չի ստեղծեր, որ ստուեր ձգուի ընտրութեան անկողմնակալութեան վրայ։ Տեղապահը քանի մը ամսուան համար պիտի պաշտօնավարէ եւ այն հոգեւորականը, որ պիտի ընտրուի այդ պաշտօնին, պարտաւոր է հետեւելու բոլոր կողմերու քայլերուն։ Այս պաշտօնի գլուխ տեղապահին ցուցաբերած կեցուածքը գաղափար պիտի ստեղծէ նաեւ անոր թեկնածութեան մասին։ Տեղապահը պիտի հասկնայ, որ որեւէ սխալ իր պատասխանը պիտի գտնէ ժողովուրդի քուէին մէջ։ Վերջին խօսքով, ընտրութեան անկողմնակալութիւնը եւ թափանցիկ ու արդար գործընթաց մը կազմակերպելու երաշխաւորը միայն տեղապահը չէ, այլ այս գործընթացին մասնակցող բոլոր կողմերը։ Այս գիտակցութեամբ՝ կ՛ուզենք շեշտել, թէ սրբազան մը, որ տեղապահ պիտի ընտրուի, սկիզբէն պէտք չէ անհիմն ամբաստանութիւններու ենթակայ դառնայ, քանի որ ան միաժամանակ պիտի ըլլայ պատրիարքութեան թեկնածու»։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 08:10