Որոնել

 ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ. ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ. 

ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ. Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

«Ահաւասիկ իմ պատուիրանս, սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յովհ. 15։12)

Այսօր, մենք կ՛ապրինք հասարակական եւ սոցիալական ծանր իրավիճակի մէջ, ուր կան քաղաքական անհասկնալի պայմաններ, նիւթական դժուարութիւններ, կը լսուին պատերազմի ձայներ, թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ պատերազմի կ՛ելլեն, երկիրներ՝ իրարու սպառնագիր կը ղրկեն։ Այս ծանր պայմաններու մէջ կը շատնան մեղքերու տեսակները։ Մանաւանդ մարդասպանութիւն, գողութիւն, եւայլն։

Ունկնդրէ լուրը

Մէկ խօսքով, աստուածավախ եւ աստուածասէր մարդիկ հալածական դարձած են այս երկրին երեսին։ Առաւել եւս, Աստուծոյ Սիրոյ պատուիրանը մարդոց մէջ կարծէք գոյութիւն չունի այլեւս։

Սակայն Յիսուս Քրիստոսի պատուիրանը, զորս իր հաւատացեալներուն տուաւ Յովհաննէս Աւետարանիչին միջոցով, այժմէական է եւ առաւել եւս այսօր ալ մեզի կը ձգէ, որ վայրկեան մը մտածենք, որ այսօր Յիսուս, մեր Տէրը, ինչո՞ւ համար երկիր եկաւ։

Այսօր մարդիկ սխալ ճամբաներու մէջ կը քալեն, իրարու կ՛անտեսեն, որովհետեւ մարդիկ Աստուծոյ սիրոյն մէջ չեն ապրիր։

Պօղոս Առաքեալ իր Ա․ Կորնթացիներուն թուղթին մէջ հետեւեալը կ՛ըսէ․ «Սէրը համբերող է, սէրը ծառայասէր է եւ չի նախանձիր, սէրը չի պարծենար, չի հպարտանար, չի յանդգնիր» (Ա․ Կորնթ․ 13։ 4)։

Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, իր Միածին Որդին տուաւ։ Ի՜նչ մեծ զոհողութիւն։ Իսկ մենք չենք կրնար նոյնիսկ իրարու համար աղօթել։

Սուրբ Գլեր Ասիսեցին սէրը շատ գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ․ «Խաղաղութեան մէջ քալելով, դուն ճիշդ ճամբան ընտրած ես։ Գալէ առանց վախի, որովհետեւ Ան որ քեզ ստեղծեց, սուրբ ստեղծած է քեզ, եւ միշտ քեզ պաշտպանած է, եւ մօր մը նման քեզ կը սիրէ։ Օրհնեալ ես Տէր, որ ինձ ստեղծած ես»։

Այո սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, Աստուած մեզ կը սիրէ, սակայն մենք ալ պէտք է իրարու աստուածային սիրով սիրենք, քանի որ Աստուծոյ սէրը անբացատրելի է, Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը սպասէ որ սիրելով իրարու ներենք, եւ թշնամութիւնը վերացնենք։ Մէկ խօսքով՝ սիրով չարին յաղթենք, ինչպէս մեր Տէրը սիրով չարին յաղթեց։

Սուրբ Եփրեմ Ասորին այսպէս կը բացատրէ սէրը․ «Սէր սերմանողը հրեշտակներու կենակիցը կը լինի եւ Քրիստոսի հետ կը թագաւորէ։ Բանն Աստուած սիրով երկիր եկաւ։ Մեզի համար դրախտը սիրով բացուած է, եւ երկինքին դուռը բոլորին ցոյց տրուած է։ Մենք սիրով Աստուծոյ հետ հաշտուած ենք, զորս անոր թշնամիներն էինք»։

Ա՜խ, ի՜նչ մեծ շնորհ, որ իր անբացատրելի սէ՜ր։

Այս ամիս Յիսուսի Սուրբ Սրտին համար նուիրուած ըլլալով, եկէք բոլորս աղօթենք ջերմեռանդ օրէն Յիսուսի Սուրբ Սրտին, եւ թող մեր սրտերն ալ լեցուին աստուածային սիրով, եւ մէկզմիւսին ներելով միասնաբար մեր աղօթքները թող հասնին Ամենաբարձրեալին քով որպէս խունկ անուշաբոյր։

Թող որ սիրով եղած աղօթքները աշխարհը լեցնեն խաղաղութիւն եւ արդարութիւն։ Սիրով միասնականութեամբ եղած աղօթքները թող լռեցնեն չարին պատերազմները, թող դադրին չարին հալածանքները, եւ ամէն տեղ տիրէ Աստուածային սէրը։ Վերջապէս, ամէն տեղ թող թագաւորէ Աստուծոյ կամքը որպէսզի փառաւորենք ամենասուրբ Երրորդութիւնն, զՀայր, զՈրդին եւ զՍուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից․ ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2019, 08:18