Որոնել

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Հանգիստի Պէտք Ունիս, Անպայմա՛ն

Հանգիստը կարելի չէ՛ համեմատել որեւիցէ հաճոյքի հետ: Միայն ծոյլ մարդիկ այնպէս կը խորհին, որ հանգիստը հաճոյանալու համար է: Այսինքն՝ հանգստանալու համար պէտք է ծուլանալ, անգործութեան դատապարտուիլ, պատասխանատուութիւններէ խուսափիլ  եւ մարդկութենէ հեռու պահել անձը: Ահաւասիկ մտածումներու շարան մը, որ սկիզբէն իսկ սխալ է եւ շփոթի կրնայ մատնել ֆիզիքական իր արժանի հանգիստին ժամանակ տրամադրելու պատրաստ մարդը:

Քրիստոնէական սկզբնական դարերուն, յատկապէս վանականութեան ծաղկումին հետ, եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ ծնունդ առաւ նաեւ հանգիստի ժամերը սահմանափակելով, աղօթքի ժամերը բազմացնելու բարեպաշտական մտածումը:

Աշխատանք, կամ՝ աղօթք:

Իսկ յիշեալ այդ աշխատանքը՝ անպայման պէտք է համեմատելի ըլլար աղօթքին հետ, այսինքն՝ բարենպատակ գործ մը ըլլար ինքնին, բարի աշխատանք մը, Աստուծոյ եւ նմանին հանդէպ սիրով ու ծառայութեամբ իմաստաւորուած: Ահաւասիկ հիմնական նշանաբանը մտածողութեան մը, որ երկար դարեր եղաւ առաջնորդող գաղափարը, յատկապէս հաւաքական կեանքով ապրող մարդոց՝ գլխաւորաբար վանականներուն: Մեր ձեռագիր մատեանները լեցուն են հանգիստի սահմանափակ ժամերն իսկ աւելորդ համարող՝ «այսքան բա՛ւ է կրօնաւորաց» հաստատումներով, որոնք մագաղաթեայ մեր ձեռագիրներու յիշատակարաններու յուզիչ տողերուն մաս կը կազմեն:

Գիշերային հանդարտութեան մէջ, քունի ամէնէն հաճելի եւ առողջընկալ ժամերը Աստուծոյ նուիրած են մեր հայրերը: Անոնք Աստուծոյ հետ սրտբաց զրուցելու նպատակով, գիշերներ լուսցուցած են իրենց արցունքով ու աղօթքով, մեր հաւատքի կանթեղին մէջ աստուածապաշտութեան իւղ լեցնելով անընդհատ: Այդ կանթեղին անսպառ լոյսն է, որ ցարդ կանգուն պահած է մեր եկեղեցին, իր Քրիստոսահիմն եւ առաքելահաստատ պատուանդանին վրայ:

Նախնական այդ դարաշրջաններու կենցաղակերպերն ու անոնց կապուած հաւատալիք-համոզումները յարգելով հանդերձ, պէտք է այսօրուան կեանքին համապատասխան ձեւով հաստատել մարդ էակին հանգիստի տեսակն ու ժամերը: Այս գծով կենդանիները բնազդային կազմաւորում ունենալով, ժամանակէն վեր կը մնան: Անոնք բնազդօրէն կը մղուին հանգիստի կամ շարժումի: Շուները, որոնց հաւատարմութիւնը եւ սահմաններու նկատմամբ պահպանողական բնազդը նկատի ունենալով կ’ըսուի, թէ՝ «գիշեր ցերեկ քուն դադար չունին», դարձեալ կը տեսնենք, որ երբեմն ցերեկ ատեն դիակի պէս փռուած կը քնանան, ականջի շարժումներով միայն հետեւելով անցուդարձերուն:

Իսկ մա՞րդը…

Մարդը բնաւ չի՛ դիմանար կրկնուող անքուն գիշերներու: Մէկ անքուն գիշերն իսկ բաւական է, որ ան տկարանայ ֆիզիքապէս, անտրամադիր դառնայ, փնտռէ խաղաղ անկիւն մը, ուր գլուխը հանգչեցնէ գէթ, նոյնիսկ ցուրտ քարի մը վրայ, առանց անկողնի ու ծածկոյթի:

Այսօրուան կեանքը կարելի չէ՛ համեմատել անցեալի կեանքին: Անհամեմատելի եզրեր կան, որոնք կը պարտադրեն մարդուն անպայմա՛ն ստեղծել հանգիստի պահեր, կազդուրելու համար ո՛չ միայն մարմինը, այլեւ միտքն ու հոգին: Բաղդատելու համար անցնող դարասկիզբի պատմութիւնը այսօրուան հետ, յստակօրէն կը տեսնենք, որ մարդիկ շատ աւելի քիչ կը տեղափոխուէին, կը ճամբորդէին: Իսկ այսօր այդ ճամբորդութիւնները տասը հազար անգամ աւելցած են: Իսկ եթէ պահ մը ուսումնասիրենք, թէ՝ լրատուութիւնը կամ լուրերու տեղափոխութիւնը աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը ինչքա՞ն տոկոսով աւելցած է, կը տեսնենք, որ միլիոն անգամ աւելի բազմացած է ու արագացած: Իսկ մարդկային ուղեղը, որուն ընկալելու եւ ըմբռնելու կարողականութիւնը որոշ սահմանագծումներ ունի, ինչպէ՞ս պիտի հետեւի այդ արագութեան: Ո՞ր մէկ տեղեկութիւնը առաջնահերթ նկատէ եւ ե՞րբ գտնէ ժամանակ՝ իր լսածներուն նուիրապետութիւնը կարգաւորելու համար…:

Եւ ահա կը յոգնի ուղեղը, կը յոգնի, մարմինը, կը յոգնի մարդը, եւ տագնապի կը մատնուի անոր հոգին: Դարձեալ բաց աչքերով գիշերներ կը սկսին լուսցնել մարդիկ, սակայն ո՛չ թէ մեր հայրերուն նման աղօթքով ու արցունքով, այլ մտահոգութիւններով ու տագնապներով, յաջորդ օր ընելիքներու ցուցակագրման մտային սեւագրութիւններ մրոտելով անընդհատ: Ոմանք նոյնիսկ տխուր վախճանի հասած են՝ խելագարութեան իրենց կնիքը դնելով այդ ցուցակի էջատակին…:

Հանգիստի պէտք ունի մարդը, մարմնի հանգիստի: Իսկ հանգիստ ընելը բնաւ չեն սորվեցներ մեզի:

Մտքի հանգիստը դարձեալ էական է: Անկարեւոր մարդոցմէ ու գործերէ հեռու պէտք է մնանք, ու մեր առօրեայ ծրագիրը դատարկենք անոնցմով զբաղելու անպէտք աշխատանքէն:

Եւ վերջապէս, հոգիի հանգստութեան կարիք ունի ամէն մարդ: Սա պայմանաւորուած է խղճի հանգստութեամբ: Եթէ հանգիստ է խիղճդ եւ Աստուծոյ ու մարդոց դիմաց բաց է ճակատդ, կը նշանակէ, թէ հանգիստ է հոգիդ ու մաքուր է երեւակայութիւնդ:

Մարմնի, մտքի եւ հոգիի այս երրեակ հանգստութեան արժանացողը աւելի երկար կը տոկայ կեանքին: Ականջի ետեւ մի՛ ձգեր ու բարձիթողի մի՛ ըներ հանգստանալու մարդկային բնական պահանջդ: Ծանր թէ թեթեւ անցնող իւրաքանչիւր օրուան աւարտին, միշտ յիշէ՛, որ հանգիստի պէտք ունիս եւ անպայմա՛ն պէտք ունիս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2019, 09:43