Թող այոն ըլլայ այո, եւ ո՛չը՝ ոչ Թող այոն ըլլայ այո, եւ ո՛չը՝ ոչ 

ՆՈՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԶՈՐՍ ՀԻՆԻՆ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Ձեր խօսակցութեան մէջ, թող այոն ըլլայ այո, եւ ո՛չը՝ ոչ։ Աւելին չարէն է»

 

«Ո՛չ երկրի վրայ որ Աստուծոյ պատուանդաննէ, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ, որ մեծ Արքային քաղաքն է, ո՛չ ալ գլխուդ վրայ, որովհետեւ  չես կրնար անոր մազերէն թել մը սպիտակացնել կամ սեւցնել։ Ձեր խօսակցութեան մէջ, թող այոն ըլլայ այո, եւ ո՛չը՝ ոչ։ Աւելին չարէն է» (Մատթ․ 5, 35-37)։

Ամբողջ Գալիլիան շրջեցար բժշկելով մեծ թիւով հիւանդներ զորս Քեզի կը բերէին, տխուրները մխիթարելով եւ յուսահատները սփոփելով։ Ճիշդ անոր համար է, որ կ՛ուզես Աստուծոյ Թագաւորութեան Բարի Լուրը յայտարարել։ Ամբոխը Քեզի կը հետեւի եւ ժողովուրդը կը ցանկայ Քեզի լսել, եւ անոնք Քեզի լսելու ծարաւն ունին, որովհետեւ իշխանութեամբ կը սորվեցնես եւ ո՛չ թէ դպիրներուն նման։ Հիմա, Դուն իրենց կու տաս ճանապարհները հետեւելու, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք, կը խուսափին յաւերժական երջանկութեան հասնելու համար։ Կ՛ուզես, որ Երկնքի Թագաւորութիւնը մաքուր սիրտ ունեցողներուն համար բաց է եւ ո՛չ թէ փարիսեցի սրտի, բայց, սիրտ մը, որ գիտէ  զանազանել հնազանդութեան սկզբունքները եւ սիրոյ մէջ արմատաւորուած հնազանդութեան միջեւ։ Դուն կ՛ուզես, որ ունկնդիրներդ չկորսուին զզուելի եւ պարապ գործերէն, կեղծ խօսքերէն, որոնք մարդոց միայն կը խաբեն եւ կեանքէն իրենց կը հեռացնեն, զորս՝ եկած ես անոնց առաջարկելու։

Քո առաջ բազմութիւնը հաւաքուած է, լերան ստորոտին, Գալիլիոյ լճին մօտ։ Դուն գիտես, որ հրեաները իրենց միջեւ իսկ, Մովսէսին օրէնքները կը փորձեն կիրառել ամենափոքր մանրամասնութիւններով։ Բայց դուն գիտես, որ իրենց առաջնորդները յաճախ կեղծաւոր են, որոնք իրենց կը ծանրաբեռնեն ծանր բեռերով, որոնք չեն ուզեր իրենք իրենց վրայ առնել (Մատթ․ 23։ 4)։ Երբ կ՛ըսես։ «Ձեզի ըսինք(․․․) եւ ես ձեզի կ՛ըսեմ (․․․)», չես ուզեր ուսուցուած օրէնքներուն հակառակիլ, բայց հաւատացեալները հասկնան, որ կարեւորն Աստուծոյ հետ մտերմութիւնը պահելն է, մեր Արարիչը, որ մեր խղճի թելադրութեամբ՝ գործունեայ է։ Կը յիշես Սուրբ Գրային այն հատուածները երդման Օրէնքի մասին․ «Աստուծոյ Անունը պարապ տեղ բերանդ պիտի չառնես։ Մի՛երդնուիր։ Է՛հ, ես ալ կ՛ըսեմ, որ երբեք երդում մի՛ ընէք» (Ելից 20․ 7)։ Կ՛ուզես որ հասկնան, որ Տիրոջ Անունը սուրբ է, եւ որ մենք, պէտք է այս անունը յարգենք։ Կ՛ուզես որ լաւ կերպով հաստատուած ըլլայ, որ հայհոյանք է կեղծ երդում կատարելը, ինչպէս նաեւ ոչ պակաս՝ Տիրոջ անունով կատարուած խոստումը։ Սուրբ Պօղոս իր Տիմոթէոս աշակերտին ուղղած նամակին մէջ հետեւեալ կերպով կը զգուշացնէ․ «Եթէ մնանք հաստատ, Անոր հետ կը թագաւորենք։ Եթէ մենք ուրանանք զինք, ինք ալ մեզ պիտի ուրանայ։ Իսկ եթէ մենք անհաւատարիմ ենք, ինք կը մնայ հաւատարիմ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինք ուրանալ (Բ․ Թուղթ Տիմոթէոսի 2․  12-13)։ Աստուած իր խոստումները կը կատարէ։

Դուն ջնջելու, քանդելու չեկար, այլ՝ ամբողջացնելու, ոչ մէկ կէտ պիտի փոխուի Օրէնքէն, դուն ըսիր քու ուսուցման սկզբին․ «Մինչեւ որ երկինք երկիր չանցնին, Օրէնքէն ոչ մէկ բան պիտի քանդուի։ Չես ուզեր փոխել ինչ որ Հայրդ Աստուած հաստատեց, ընդ հակառակը, կ՛ուզես որ դուն ինքդ այդ կատարելութեամբ կատարել։ Դուն կը ցանկաս զանիկա իրականացնել՝ լուսաւորելով նոր լոյս մը, հակառակելով անոնց․ «Ձեզի ըսի (․․․) եւ ես ձեզի կ՛ըսեմ (․․․)»,  դուն իշխանութիւնդ կը բացայայտես սոյն Օրէնքի նկատմամբ, Երկնային իշխանութիւն մը, որ ոչ ոք կրնայ հակառակիլ։ Իր կրօնագիտական ուսուցման մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը կ՛ըսէր․ «Կրնանք ըսել, որ այս արտայայտութեան մէջ վեց անգամ կրկնուած է, եւ կը հնչէ արձագանքը իմաստին, որ Աստուած ինքն իրմէ տուած է եւ Յիսուս նաեւ  իրեն վերագրած է «Ես եմ»։ Տէր, դուն Աստուած ես, Որդի՝ Աստուծոյ․ «Հայրը եւ Դուն՝ մէկ էք»։

Տէր, դուն չես ընէր որեւէ բան մը, առանց որ Հայրդ Քեզի ըսէ, որ զայդ կատարես։ Դուն եկար մարդոց յայտարարելու Բարի Լուրը իրենց փրկութեան համար, բայց դուն գիտես, որ մեր անձերը դանդաղ են հաւատալու եւ հնազանդելու համար։ Դուն գիտես, որ, ինչ որ դուն կը ցանես, պիտի արդիւնաւորէ գալիք սերունդներուն մէջ։ Դուն գիտես, որ հունձքը առատ  է եւ մշակները քիչ են։ Տէր, Քու սրտիդ փափաքն է եւ դուն պէտք ունիս մեծ թիւով հնձաններու։

Տէր, դուն կ՛ուզես, որ մենք խնդրենք Հօրմէն որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար, ուրեմն, այսօր այս նպատակով կ՛աղօթեմ, աշխարհը Քեզ պէտքն ունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2019, 08:21