Որոնել

 Գերյ. Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապպարեան Գերյ. Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապպարեան 

Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ նորանշանակ Էքզարք Գերյ. Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապպարեանի գահակալութիւնը

Գերյ Հայր ներսէս Զապպարեանը կը յաջորդէ Արհ. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանի:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի-ի, 2019թ. մայիսի 10-ի կոնդակով, Պաղտատի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ՝ Գերյ. Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապպարեանը նշանակուեցաւ Պատրիարքական Էքզարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի էքզարքութեան:

Հ. Ներսէսը նոր պաշտօնը պիտի վարէ Պաղտատի Առաքելական Կառավարչի պաշտօնի հետ համատեղ:

Գերյ Հայր ներսէս Զապպարեանը կը յաջորդէ Արհ. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանի:

Երկուշաբթի Յունիս 17-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Գերյ. Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապպարեանի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի, յընթացս Սուրբ Պատարագի:

Գահակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝  Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝  գերապայծառ Փիերպաթթիսաթա Փիցցապալլա, Իսրայէլի մօտ Պապական Նուիրակ գերապայծառ Լէոփոլտօ Ճիրելլի, Երուսաղէմի մէջ գործող զանազան միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ ու հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալ զաւակներ:

Արհ  Ռաֆայէլ Արք.Մինասեան, որ տարիներ առաջ ինք եւս որպէս Էքզարք ծառայութիւն մատուցած էր Երուսաղէմի մէջ, Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, ուրախութիւնը յայտներով դարձեալ այդ սուրբ վայրին մէջ  գտնուելուն համար, յանուն Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ հաւատացեալներուն ու կղերական դասին ներկայացուց նոր առաջնորդը, այս վերջիններէն խնդրելով որ թիկունք կանգնին անոր եւ օգնեն որպէսզի լաւապէս կատարէ իր առաքելական ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի փրկութիւն ազգիս հայոց։ 

«Այսօր Երուսաղէմի մէջ որտեղէն սկիզբ առաւ Աւետարանի քարոզութիւնը եւ ուր մեր Փրկիչը հրաժեշտ առաւ իր աշակերտներէն անոնց խոստանալով մինակ չի թողուլ եւ ուղարկել Սուրբ Հոգին, այսօր՝ այս սուրբ վայրերուն մէջ,  ուր Զապպարեան Գերյարգելին պիտի սկսի իր նոր առաքելութիւնը, չեմ կարող ուրիշ բան մաղթել եթէ ոչ՝ անոր ու բոլոր ներկաներուն, բարի աշխատանք ու պտղաբեր առաքելութիւն, իրեն յանձնուած ծառայական գործին ու հոգիներու փրկութեան ի նպաստ առաքելութեան մէջ՝  մարդիկը տանելու դէպի իսկական աղբիւր՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ է Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք» ըսաւ Արհիապատիւ Ռաֆայել Արքպիսկոպոս Միանսեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 08:15