Որոնել

Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը  

Ռայի Պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ վաւերացնելու ամավարկը եւ կասեցնելու մսխումը

Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է աշխատիլ երկրի բարօրութեան համար, մէկդի դնել անձնական հարցերը, վէճերը, վիրաւորական արտայայտութիւններու փոխանակումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 9 յունիսին Հարիսայի Տիրամօր տաճարին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներն ու ժողովուրդը ընդհանրապէս հրաւիրեց համախմբուելու, համագործակցելու եւ ճիգ ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկիրը ամէն տեսակի վտանգներէն: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ, թէ կառավարութիւնը պէտք է կարելի եղածին չափ արագ սերտէ ու վաւերացնէ պետական ամավարկը` կեդրոնանալով մսխումն ու փտածութիւնը կասեցնելու վրայ, առանց ձեռք տալու սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն, փոքր հաստատութիւններուն եւ բանակին եկամուտներուն վրայ: Ըստ անոր, պէտք է տնտեսութեան բարելաւման ծրագիրներ մշակել եւ արմատական բարեկարգումներու ձեռնարկել:

Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է աշխատիլ երկրի բարօրութեան համար, մէկդի դնել անձնական հարցերը, վէճերը, վիրաւորական արտայայտութիւններու փոխանակումը, որոնք համայնքային լարուածութեան դուռ կը բանան, մթնոլորտը կը շիկացնեն, փոխադարձ վստահութիւնն ու գործակցութեան ոգին կը ջլատեն` շեշտելով, որ պէտք է յարգել օրէնքները, կառչիլ արդարութեան, միջամուխ չըլլալ դատական կառոյցներու, բանակի եւ ապահովական հաստատութիւններու գործունէութեան:

Ռայի պատրիարքը նաեւ կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն վերջ տալու սանձարձակութեան` յատկապէս մարդոց անձնականութիւնը եւ սրբութիւն նկատուող արժէքները ոտնակոխ ընելու փորձերուն:  Ան շեշտեց, որ հետաքննութենէն առաջ տուեալներ հրապարակելն ու տեղեկութիւնները  հանրութեան ներկայացնելը, նահատակներուն յիշատակը ոտնակոխելը քաջութիւն չէ, այլ` դաւաճանութեան համազօր արարք:

Մարոնիներու պատրիարքը նաեւ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներուն` կոչ ուղղելով անոնց վերադառնալու իրենց երկիրը, տէր կանգնելու իրենց քաղաքացիական իրաւունքներուն եւ ինչքերուն, նաեւ` պատմութեան ու մշակոյթին, որպէսզի այսպիսով պարտութեան մատնեն մեծ երկիրներու «դարու ապտակը» նկատուող ծրագիրը, որով անոնք կը միտին խլել մարդոց ինքնութիւնը, մոռացութեան մատնել անոնց մշակոյթն ու արժէքները: Ան նշեց, որ նոյնը կը վերաբերի պաղեստինցիներուն` աւելցնելով, որ, հակառակ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական ու ընկերային շատ ծանր պայմաններուն, անոնք մարտնչեցան, դիմացան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2019, 08:10