Մարոնի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Մարոնի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Պուլոս Ապտել Սաթեր Եպիսկոպոսը ընտրեց Պէյրութի առաջնորդ

Սիւնհոդոսի ընթացքին տրուած որոշումներուն վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ լիբանանեան պետութեան` իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը քաջալերելու առումով:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը շաբաթավերջին աւարտեց իր աշխատանքները:

Սիւնհոդոսի ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր ուղղած պատգամին մէջ նշեց, որ շրջանին մէջ պատերազմի փողեր հնչեցնելու տրամադրութիւնը պէտք է լիբանանեան պետութիւնը մղէ ամրապնդելու ինքզինք: «Մենք կ՛աղօթենք, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները հասնին իրենց ներքին եւ քաղաքական խաղաղութեան», շեշտեց ան` մաղթելով, որ պետութիւնը չշրջանցէ օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը, այլ անոնց հունին մէջ գործէ, ինչպէս որ կ՛ընէ եկեղեցին:

Սիւնհոդոսի ընթացքին տրուած որոշումներուն վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ լիբանանեան պետութեան` իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը քաջալերելու առումով:

Մարոնի եպիսկոպոսները բարձր գնահատեցին նաեւ կառավարութեան ջանքերն ու տարբեր մակարդակներու վրայ արձանագրուած նուաճումները` հաստատելով սակայն ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը կոչ ուղղեց միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը աւելի եւս քննարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց ծանր բեռը Լիբանանի ուսերէն վերցնել:

Միւս  կողմէ, ըստ Մարոնի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի հաղորդագրութեան, Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս ընտրուած է մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ` փոխարինելու համար Պուլոս Մաթարը, իսկ հայր Անթուան Աուքար ընտրուած է պատրիարքական փոխանորդ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2019, 08:02