ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ 

Կիրակի 30 Յունիս 2019 (Մատթէոս ԺԲ. 1-8) Մարդու Որդին տէրն է Շաբաթին

Երբ զոհ մատուցանես եւ անդրադառնաս որ գժտուած ես ընկերոոջդ հետ, նախ գնա եւ հաշտուէ հետը, ապա եկուր զոհդ կատարէ։

Աստուած տուաւ Մովսէսին եւ, իր միջոցաւ` բոլոր մարդկութեան` տասը պատուիրաններ, Սինայի լերան վրայ։ Պատուիրաններուն երրորդը եւ ոչ թէ առաջինը, կը հրամայէ` Աստուծոյ օրը սուրբ պահել։  Մովսէս եւ իր յաջորդները որոշեցին շաբաթ օրը որպէս Տիրոջ նուիրուած օր իսկ միջոցները սրբացնելու այդ օրը հետեւեալներն են. Հասարակական աղօթքի մասնակից ըլլալ եւ դադրիլ աշխատանքէ։ Մինչեւ հոս ամէնքս ալ համաձայն ենք. Այսօր քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները նոյնը կը հրամայեն. Տիրոջ նուիրուած օրը` դադրելու է աշխատանքէ եւ մասնակցելու է Սուրբ Պատարագին։ Անշուշտ քրիստոնեաներու մօտ` օրը փոխուած է, այսինքն շաբաթի տեղ` կը տօնուի միաշաբաթը, որ է կիրակին, Քրիստոսի յարութեան օրը։

Իսկ ինչ որ ցաւ կը պատճառէ Յիսուսի Հրէաներու վարուելակերպին մէջ այն է որ այս պատուիրանին տրուած է գլխաւոր տեղը, իբրեւ թէ ան եղած ըլլար առաջին պատուիրանը եւ կամ պատուիրաններու մեծագոյնը։ Միշտ պատրաստ են իր հակառակորդները զինք քննադատելու, հակաճառելով թէ շաբաթ օրով` նոյնիսկ եթէ հիւանդ մը բուժէ, կամ մէկու մը օգտակար դառնայ, անոր ծառայութիւն մը մատուցանելով, կամ թէ` դաշտերէն հասկ փրցնէ, ուտելու համար, յանցանք կը նկատուի, որովհետեւ շաբաթ օրուայ հանգստեան պատուիրանին դէմ է։

Այստեղ կամ օրէնքը ծուռ մեկնաբանուած է կամ թէ պատրուակ կը փնտռուի անմեղ մը դատապարտելու համար։ Յիսուս լաւ հասկցած է այս մէկը եւ ասոր համար դպիրներն ու փարիսեցիները կ՛որակէ որպէս կեղծաւոր մարդիկ. Անոնք կը մեկնաբանեն Օրէնքը իրենց ուզածին պէս եւ նկատի չեն առներ օրէնսդրի նպատակը նոյն օրէնքի հաստատման մէջ։ Ինչ որ աւելի ծանր է, անմեղ մարդոց խղճմտանքին հետ կը խաղան, անոնց վրայ բեռցնելով անիրական յանցանքներ, եւ զանոնք մեղադրելով որպէս օրինազանց ու յանցապարտ ընկերութեան առջեւ։

Շատ դիւրին է դատապարտել իր ընկերը, որեւէ գործի համար, ըլլայ ան իրապէս յանցաւոր կամ պարզապէս անմեղ. Եթէ ուրիշը դատելէ առաջ` նախ մենք մեր յանցանքները տեսնէինք եւ սկսէինք նախ մեր անձը դատապարտել, աւելի ուղիղ եւ շինիչ գործ մը ըրած պիտի ըլլայինք։ Քար չնետենք ուրիշին վրայ եթէ իսկապէս բառին բուն իմաստով` անմեղ չենք նախ մենք։

Չթողունք որ օրէնքը իշխէ մեր մտքին վրայ ու տէր տիրական դառնայ մեր խղճին ամէն բանի մէջ, որովհետեւ օրէնքէն անդին կայ սէրը, եղբայրսիրութիւնը, յարգանքը դիմացինին եւ բարի տրամադրութիւնը բոլորին հանդէպ։ Սէրը պէտք է իշխէ ամէնուն վրայ եւ իսկական սէրը օրէնքէն շատ աւելի բարձր է. Սէրը Աստուած է, որովհետեւ Աստուած սէր է. Արդ ինչպէս որ սէրը կ՛իշխէ օրէնքին վրայ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին տէրն է շաբաթ օրուան եւ այդ օրուան վերաբերեալ բոլոր օրէնքներուն։

Քրիստոսի միջամտութեամբ` շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքը կը գրաւէ իր իսկական տեղը, հաւանաբար Աստուծոյ կողմէ դրուած օրէնքներուն վերջին կարգը։ Այսուհետեւ քրիստոնեան չի կրնար կիրակի օրուայ ոչ թէ միայն հանգիստի այլ նաեւ պատարագի մասնակցելու օրէնքը յարգել, առանց նախ գործադրելու եղբայրսիրութեան օրէնքը. Արդարեւ Յիսուս կ՛ըսէ. Երբ զոհ մատուցանես եւ անդրադառնաս որ գժտուած ես ընկերոոջդ հետ, նախ գնա եւ հաշտուէ հետը, ապա եկուր զոհդ կատարէ։ Սրտի ողորմածութիւնը աւելի արժէք ունի քան որեւէ զոհ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2019, 09:03