Որոնել

Յիսուս Քրիստոս Յիսուս Քրիստոս 

Կիրակի 2 Յունիս 2019 - Է. Կիրակի Յինանց

(Յովհաննէս ԺԲ. 12-24) Մենք կ՛ուզենք Յիսուսը տեսնել

Մի քանի հեթանոսներ, այս խնդրանքը կ՛ուղղեն Փիլիպպոս առաքեալին։ Ինչու՞ հեթանոսները Երուսաղէմ կու գային, հրէական զատկին առթիւ։ Անոնք կամ վաճառականներ էին, որոնք այս մեծ համախմբումի առիթէն կ՛օգտուէին շուկայի մէջ առեւտուր ընելու համար, կամ ալ` դարձի եկած հեթանոսներ էին, որոնք կու գային պաշտամունք մատուցանելու միակ Աստուծոյ, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը, իր իսկ տաճարին մէջ, որ կը գտնուէր Երուսաղէմ։ Կայ նաեւ հայկական-ասորական  աւանդութիւն մը, ըստ որում անոնք պատգամաւորներն էին Եդեսիոյ Աբգար թագաւորին, որոնք բերած էին իրենց արքային գրած մէկ նամակը, ուղղուած Յիսուսի, ուր ան կը խնդրէր որ աստուածային Վարդապետը Եդեսիա գար, զինք բուժելու համար իր սոսկալի հիւանդութենէն, որ էր բորոտութիւնը։

Ինչ որ ալ ըլլար իրենց նպատակը, այս մարդիկը կ՛ուզէին հանդիպում մը ունենալ Յիսուսի հետ, որ քիչ առաջ Երուսաղէմի դռնէն ներս մտած էր փառաւոր կերպով, ժողովուրդին կողմէ ովսաննաներով ողջունուած։ Պարզ հետաքրքրութենէ մը աւելի, անոնք կ՛ուզէին իմանալ թէ ով էր այս մեծ անձնաւորութիւնը, որուն մասին Հրէաները երբեք չէին խօսած իրենց եւ ինչ էր այն պատգամը զոր կը քարոզէր։ Գիտէին անունը, տեսած էին իր դէմքը, սակայն մօտէն կ՛ուզէին լսել անոր ձայնը եւ իմանալ խօսքերը։

Յիսուսի պատասխանը շատ հակիրճ եղաւ. Ահա հասաւ ժամը որ Մարդու Որդին փառաւորուի։ Չենք գիտեր թէ այս խօսքը յուսախափ ըրաւ զիրենք, թէ այս խորհրդաւոր խօսքերով` անոնք հաղորդակից դարձան Քրիստոսի էական պատգամին, որով ան ուզեց իմացնել թէ մօտօրէն պիտի մեռնէր ու ապա` յարութիւն պիտի առնէր, ինչպէս որ միշտ ըսած էր առաքեալներուն։ Իսկ Քրիստոս իր յաջորդ խօսքերով, առակ մը տուաւ իրենց եւ բոլոր ներկաներուն, ցորենի հատիկին առակը։

Ինչպէս որ ցորենի հատիկը պէտք է թաղուի հողին տակ որպէսզի նոր կեանք արտադրէ եւ ծնունդ տայ նոր հատիկներու, նոյնպէս ալ մարդ` որպէսզի պտղաբեր դառնայ, հարկ է որ թաղուի հողին տակ, ինքզինք մոռնայ, իր անձը ատէ ու կորսնցնէ, որպէսզի կարենայ ծաղկիլ նոր ու յաւիտենական կեանքի մը, որպէսզի ստանայ մարմին մը անապական, յարգուած ու պատուած իր Հօրմէն ու բոլոր հրեշտակներէն։

Եթէ հեթանոսները, որոնք Յիսուսի հանդիպեցան, մնացին մինչեւ Զատկուայ տօնը, ինչ որ շատ հաւանական է, որովհետեւ անոր համար եկած էին Երուսաղէմ, ականատես վկաներն եղան այն վերջին դէպքերուն որոնք տեղի ունեցան այդ Զատկուայ տօնին առթիւ, քաղաքին մէջ, այսինքն Յիսուսի չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման եւ նաեւ յարութեան. Այն ատեն անոնք հաւանաբար հասկցան Քրիստոսի խորհրդաւոր խօսքերը եւ թէ ինչ Կերպով Մարդու Որդին պիտի փառաւորուէր։

Անոնք կը փնտռէին մարգարէ մը եւ ահա գտան Աստուած մը, Աստուծոյ Միածին Որդին։ Վստահաբար անոնք իրենց երկրին մէջ վկայեցին այս մեծ եղելութեան մասին, ինչպէս որ Յիսուսի Ծննդեան առթիւ, մոգերը` եկած Արեւելքէն, պատգամեցին իրենց երկիրներուն մէջ մեծ թագաւորի մը աշխարհ գալստեան մասին։ Այս բացուածքը հեթանոսներուն, Յիսուսի ծննդեան եւ մահուան ու յարութեան առթիւ, փաստ մըն է փրկչագործութեան խորհուրդին տիեզերական տարողութեան։ Յիսուս աշխարհ եկաւ փրկելու բոլոր մարդիկը, ըլլան անոնք հրէայ թէ հեթանոս։

Այսօր մենք եկած ենք տեսնելու Յիսուսը. եւ այստեղէն պիտի մեկնինք որպէս վկաներ իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 08:51