«Դէպի Սուրբ Էջմիածին, Դէպի Սրբազան Արցախ» «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, Դէպի Սրբազան Արցախ» 

Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ Թեմերու երիտասարդները պիտի այցելեն Արցախ. «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, Դէպի Սրբազան Արցախ»

Յուլիս 4-7 տեղի պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի սրբազան Արցախ» ուխտագնացութիւնը:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝  Յուլիս 4-7 տեղի պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի սրբազան Արցախ» ուխտագնացութիւնը:

Համահայկական հաւաքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի թեմերէն ժամանած շուրջ 250 եկեղեցասէր երիտասարդներ:

Աւանդաբար, ուխտագնացութեան մեկնարկը պիտի կատարուի վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:

Երիտասարդական հաւաքի մասնակիցները պիտի այցելեն Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրեր, պիտի հանդիպին Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Այս տարի հաւաքի գործնական մասը պիտի ըլլայ նոր ձեւաչափով: Երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները ոլորտի առաջատար փորձագէտներու հետ պիտի քննարկեն իրենց գաղափարներն ու նախաձեռնութիւնները` բաժնուելով 7 խումբերու. հոգեւոր-ազգային ձեռնարկներ, առեւտուր-ֆորումային, մարզական-ողիմպիական, մշակութային, ընկերային, տեղեկատուական եւ կրթադաստիարակչական: Ծրագրային խումբերու աշխատանքները կը միտին երիտասարդ աշխատակիցներուն մէջ առաջնորդական կարողութիւններու զարգացման, քոյր թեմերու (Հայաստան-Սփիւռք) գործակցութեան խթանման, ՀԵՀԵՄ տարածաշրջանային եւ միջտարածաշրջանային, ինչպէս նաեւ համաերիտասարդական նոր ու կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու նախագծման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2019, 10:00