Նոթր Տամ Պազիլիքան Նոթր Տամ Պազիլիքան 

Անցեալ Ապրիլի հրդեհէն ետք Փարիզի Նոթր Տամի մէջ առաջին Սուրբ Պատարագ 15 Յունիսին։

Ընտրուած թուականը յատկանշական է ՝ 15 Յունիսին կը տօնախմբուի Նոթր Տամ Պազիլիքայի խորանի օծման տօնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի մէջ անցեալ  15 ապրիլին բռնկուած հրդեհէն երկու ամիսներ ետք, շաբաթ 15 Յունիսի ժամը 18-ին, Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցի առաջին սուրբ պատարագը, թէեւ ապահովոկան պատճառներու բերումով, հաւատացեալներու մասնակցութիւնը արգիլուած պիտի մնայ ու Ֆրանսայի Կաթողիկէ KTO հեռուստակայանը ուղղակի եթերով պիտի սփռէ արարողութիւնը www.ktotv.com կայքի միջոցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Փարիզի առաջնորդ՝ գերապայծառ Միշել Օփըթին, մասնակցութեամբ 30 հոգիէ կազմուած պատուիրակութեան, որուն մաս պիտի կազմեն քահանաներ, աշխարհականներ, լրագրողներ ու մասնագէտներ։

Ընտրուած թուականը յատկանշական է ՝ 15 Յունիսին կը տօնախմբուի Նոթր Տամ Պազիլիքայի Աստուածամօր նուիրումի -  անուանակոչութեան  ու խորանի օծման տօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2019, 11:18