Հոգեգալուստ Հոգեգալուստ 

Հոգեգալուստ, 9 Յունիս «Աստուածային Յուշարարը». Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը:

Հաղո՛րդ ըրէ' զիս աստուածային խորհուրդներուն, որպէսզի կարենամ քննել եւ հասկնալ քու սուրբ շունչովդ լեցուած Կտակարաններուն բովանդակած աստուածային իմաստութիւնը

 

«Սուրբ Հոգին...պիտի յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի» (Յովհաննէս 14,26):

Երբեք կանգնա՞ծ էք ազգային յուշարձանի մը դիմաց, կամ այցելա՞ծ էք թանգարան մը:

Այս կառոյցներն ու ցուցանմուշները առկայ են իբրեւ յուշարար: Անոնք նպատակ ունին յիշատակելու երեւելի գիւտարարներու ստեղծագործութիւնները, հերոսներու սխրագործութիւններն ու զինուորներու մատուցած ծառայութիւնը, կամ ալ՝ պատմական իրադարձութիւններ: Սակայն, անոնք գլխաւորապէս կը մարմնացնեն տուեալ երկրի մը առանձնայատկութիւնը եւ ձգտումները իր երազներուն:

Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքէն կ'իմանանք, որ Իսրայէլ եւս իր պատմութեան կարգ մը փուլերը յաւերժացնելու համար յուշակոթողներ կանգնեցուցած է: Արդարեւ, երբ Հրեաները անցան Յորդանանէն ու մտան Աւետեաց Երկիրը, Աստուած պատգամեց 6 անոնց կանգնեցնել տասներկու քարեր, «որոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ իբր յիշատակ պիտի ըլլան յաւիտեան» (Յեսու 4): Ամենակալ Տէրը գիտէր, որ անոնք կարիք պիտի ունենային յիշելու եւ իրենց որդիներուն յիշեցնելու, թէ «Տէրը՝ ձեր Աստուածը, ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց՝ մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս Տէրը՝ ձեր Աստուածը, Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, զայն ցամքեցնելով մեր առջեւէն՝ մինչեւ որ մենք անցանք...» (Անդ 4, 23): Ուստի, այդ յուշաքարերը կը նպաստեն Հրեաներուն չմոռնալու, որ Աստուած բազմաթիւ հրաշագործութիւններով զիրենք Եգիպտոսի ստրկութենէն ազատած է եւ անապատի մէջ անվտանգ պահած:

Մենք եւս նման սովորութիւններ ունինք. արձաններ, վարդարաններ, խճանկարներ կամ եկեղեցիներուն ու սրբավայրերու մէջ տեղադրուած իւղանկարներ՝ ֆիզիկական յիշեցում են Աստուծոյ կատարած այլազան միջամտութիւններուն մեր հոգեւոր պատմութեան մէջ: Անոնք մեզի կը յիշեցնեն Տիրոջ հաւատարմութիւնը մեզի հանդէպ եւ մեզի կ'օգնեն, մեր կարգին, հաւատարիմ ըլլալու Անոր:

Այնուամենայնիւ, իբրեւ մկրտուած քրիստոնեաներ, ունինք աւելի հզօր Յուշարար մը քան նիւթական իրեր կամ ստեղծագործութիւններ: Արդարեւ, ունինք Սուրբ Հոգին, որ մարդոց «կը յայտնէ յարուցեալ Տէրը, կը յիշեցնէ անոնց Անոր խօսքերն ու կը բանայ անոնց միտքը՝ Անոր Մահուան եւ Յարութեան հասկացումին համար» (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, թիւ 727):

Աստուած գիտէ, որ երբ մեր կեանքը դժնդակ պահերէ անցնի, պէտք պիտի ունենանք Յուշարարի մը, որպէսզի չմոռնանք Իր նախախնամութիւնն ու սէրը մեզի հանդէպ. իսկ երբ մեղանչենք՝ պէտք պիտի ունենանք Տիրոջ ներումի ապահովութեան: Այսպիսի պարագաներուն, Սուրբ Հոգի'ն է, որ մեզ կը սրտապնդէ եւ վերստին ուղիղ ճամբուն վրայ կը դնէ:

Ի՞նչպէս կը գործէ Սուրբ Հոգին:

Իր յիշեցումները սովորաբար չեն գար երկինքէն շանթահարող ձայնի մը նման: Յաճախ անոնք կու գան շատ հանդարտ եւ պարզ ձեւով. օրինակի համար, Պատարագի ատեն Աստուծոյ բարութիւնը վեր հանող սուրբգրային համար մը, տօնական հոգեպարար ծիսակատարութիւն մը, Եկեղեցւոյ կենարար Խորհուրդներէն մէկուն մատակարարումը, սրբակեաց անձի մը օրինակելի վարքագիծը... առիթներ են ասոնք յիշեցնելու Աստուծոյ կատարած ներգործութիւնները մեր կեանքին մէջ:

Առ այդ, Սուրբ Հոգւոյ դիմենք հետեւեալ աղօթքով, արտայայտելով միանգամայն մեր երախտագիտութիւնը Անոր. «Դուն, որ քու պարգեւած յայտնութիւններովդ աստուածային խորհուրդներուն հաղորդ կը դարձնես մարդիկը՝ առաքեալներն ու մարգարէները եւ Աստուծոյ մօտիկ եղող բոլոր անձերը, մնայուն կերպով կը յիշեցնես ինչ որ քու յաւերժակիցդ եւ Հօրը միածին Որդին մեզի աւանդեց, Անոր սուրբ Եկեղեցիին կը սորվեցնես ինչ որ աստուածութիւնդ կը կամենայ նոր ժամանակներուն համար, եւ ճշմարտութեան մէջ կը հաստատես աստուածասէր հոգիները. կ’աղաչեմ, որ ինծի՛ եւս պարգեւես նոյն շնորհքները:

Հաղո՛րդ ըրէ' զիս աստուածային խորհուրդներուն, որպէսզի կարենամ քննել եւ հասկնալ քու սուրբ շունչովդ լեցուած Կտակարաններուն բովանդակած աստուածային իմաստութիւնը եւ յաւիտենական ճշմարտութիւնները, որոնք միայն քեզմո՛վ կը ճանչցուին ու կը հասկցուին»:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 13:58