Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը 

Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Յիսուսի

«Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։

Հինգշաբթի 20 Յունիսին՝ տօնն է Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեան։ Տօնը հաստատուած է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, երբ Աւագ Հինգշաբթի գիշեր, իր աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ժամանակ, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, բեկանեց, յետոյ աշակերտներուն բաժնելով ըսաւ. «Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։ Սուրբ Պօղոս Կորընթացներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ այս խօսքերուն վրայ կ՛աւելցնէ որ Յիսուս ապա ըսաւ «Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար»։

Յիսուս այդ խօսքերով Հացը փոխակերպեց ու դարձուց իր Մարմինը ու գինին դարձուց իր Արիւնը։ Սոյն խորհուրդով Տէրը նախապատրաստեց իր աշակերտները յաջորդ օրուան, ուր Ան ինքզինք պիտի նուիրէր մարդոց փրկութեան համար։ Աշակերտները սակայն այդ մէկը հասկցան միայն Յիսուսի համբարձումէն ետք, երբ Ան անոնց ուղարկեց Սուրբ Հոգին, որ բացաւ անոնց աչքերը հասկցնելով զոհաբերումի իսկական իմաստը։

Յիսուս մեզ սիրեց ի սպառ (Յովհ. 13,1): «Եթէ չուտէք մարդու Որդիին մարմինը եւ չըմպէք անոր արիւնը ձեր մէջ կեանք պիտի չունենաք: Ով որ կ՛ուտէ  իմ մարմինս եւ կը խմէ  իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք կ՛ունենայ  եւ ես անոր վերջին օրը յարութիւն պիտի տամ, քանի որ իմ մարմինը ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք», Յովհ, 6, 54-55: «Ով կ՛ուտէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս, կը բնակի իմ մէջս եւ ես՝ անոր մէջ», Յովհ. 6, 57:

Ահա այս է հաղորդութիւնը՝ միանալ, հաղորդութիւն հաստատել  Տիրոջ հետ: Այս մէկը աւելի է քան  պարզ հաղորդակցութիւնը, որ դիմացինին հետ միութիւն չ՛արտայայտեր, մինչ հաղորդութիւնը հոգեւոր միութիւն է, կապ է։  Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքն է: Ան է որ կենդանի պահեց նորածին Եկեղեցին հալածանքներու դարաշրջաններու ատեն եւ ան որ միշտ ու այսօր եւս կենդանի կը պահէ զայն։

Սուրբ Հաղորդութիւնն է, որ միասին կը պահէ հաւատացեալները եւ իրականութիւն կը դարձնէ անոնց միասնական աղօթքը։

Առանց Տիրոջ Մարմինին ու Արեանը մենք ի վիճակի չենք հասկանալու Տիրոջ խօսքն ու կամքը, որովհետև Սուրբ հաղորդութեամբ է որ մենք Տիրոջ Խօսքը կ՛ընդունինք մեր մէջ։

 

 

Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի աղօթքը (օրագրեր 356-357)։

«Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ կեանքի բոլոր ձախորդութիւններու եւ տառապանքներու ժամանակ:

Սուրբ Հաղորդութիւ՛ն՝ մեր միակ յոյս՝ խաւարի ներքին եւ արտաքին փոթորիկներու մէջ:

Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ կեանքի եւ մահուան ժամուն:

Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ յուսահատութեան տարափների մէջ:

Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ կեղծիքի եւ դաւաճանութեան մէջ:

Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ իմացական խաւարի եւ անաստուածութեան մէջ, որ կ՛ ողողեն երկիրը:

Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ տենչանքի եւ ցաւի մէջ, ուր ոչ ոք մեզ չի հասկանար:

Սուրբ Հաղորդութի՛ւն՝ մեր միակ յոյս՝ ամենօրեայ կեանքի ծանր աշխատանքի  եւ միօրինակութեան մէջ…»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2019, 06:59