Կարդինալ Լուիս  Ռաֆայէլ Սաքօ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Քաղդէացիներու պատրիարքին շնորհաւորական գիրը Ֆթըրի տօնի առիթով:

Իսկական համերաշխութիւնը, որուն յոյժ կարիք ունի Իրաք երկիրը կը բխի մէկդի դնելէ հակառակութիւնները եւ քաջութեամբ մէկը միւսին ներելէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քաղդէացիներովն պատրիարք ,կարդինալ Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ, պատգամով մը շնորհաւորած է Իսլամները Ֆթրի տօնի առիթով:
Իսլամներուն յղած շնորհաւորական գիրին մէջ կարդինալը անդրադառնալով Իրաքի մէջ խաղաղ համակեցութեան եւ խաղաղութեան հոլովոյթին, ընդգծած է թէ իսկական համերաշխութիւնը, որուն յոյժ կարիք ունի Իրաք երկիրը, ի յայտ կու գայ , մէկդի դնելէ հակառակութիւնները եւ քաջութեամբ մէկը միւսին ներելէ:

Ի տես վերջին տասնեակ տարիներուն Իրաքի մէջ՝ տեղահանութեան, քանդումի, ողբերգական արարքներուն, ժողովուրդին կրած տառապանքներուն, Պատրիարք Սաքօ երկրին ապագային համար, որպէս միակ լուծում առաջարկած է ապրիլ մարդկային եղբայրութիւնը՝ խաղաղութեամբ, ուր ճանչցուած է բոլորին հաւասար արժանապատուութիւնը, հաւասար իրաւունքներն ու պարտականութիւնների:
Կարդինալը ապա նկատել կու տայ , որ Իրաքցի ազգը՝ «բաժնեկցուած ժառանգութիւնն» է իւրաքանչիւր ընկերային, կրօնական խումբերու պատկան քաղաքացիներուն կողմէ:

Ժամանակը հասած է, որ երկրի ղեկավարները ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը՝ երաշխաւորելու ու նպաստելու տարբեր կրօններուն միջեւ խաղաղ համակեցութեան:

Կարդինալ ապա բոլորին ուշադրութեան հրաւիրած է, որ Իրաքի մէջ խաղաղութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը կախեալ է Իրաքի ժողովուրդէն եւ ոչ թէ արտաքին ուժերէն, ի մտի ունենալով, որ իրաքցիները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել այլ պատերազմներ:
Կարդինալը շնորհաւորական գիրը  աւարտած է ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի Ամենակալը կարենայ Իրաքի ժողովուրդը օրհնէ ՝ խաղաղութեամբ , քաղաքական կայունութեամբ եւ գաղթականները իրենց տուները վերադառնալու երջանկութեամբ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2019, 14:13