Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Քաղդէացիներու պատրիարքին զրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելելու կամքին մասին:

Ֆրանչիսկոսի Պապի Իրաք հովուական այցելութիւնը նոր դուռ պիտի բանայ «խաղաղութեան նոր մտայնութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի լուր  Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ տարի, Իրաք այցելելու արտայայտած կամքին, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքօ նշեց, թէ Իրաքի բոլոր ժողովուրդը՝ ըլլայ քրիստոնեաներ, ըլլայ մահմետականներ մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով ընկալած են սոյն լուրը, ընդգծելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք հովուական այցելութիւնը նոր դուռ պիտի բանայ «խաղաղութեան նոր մտայնութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Պատրիարք  Սաքօ յայտնեց, թէ ինք Պապին այդ լուրը ստացած է մինչ կը գտնուէր, իր թեմի դահլիճին մէջ, ուր կային նաեւ 500 հոգիներ եւ որոնք իմանալով  ֆրանչիկոս Պապին Իրաք այցելելու կամքը,  մեծ ուրախութեամբ եւ ծափահարութեամբ ողջունած են այդ լուրը բացագանչելով Ալէլուիա Ալեւորուիլ : «Այդ մարդոց համար համար ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը մեծ զօրակցութիւն է : ըսաւ է Կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքոն աւեցնելով, որ յառաջիկայ կիրակի օրը, Սուրբ Պատարագի ընթացքին հաւատացեալներէն պիտի խնդրէ, որ աղօթեն Սրբազան Պապի Իրաք այցելելու համար, դիտել տալով որ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է  Պապ մը կ՝այցելէ Իրաք, որուն լուրը, Իրաքի պետութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէր:

Պատրիարքը անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին, Իրաքի մէջ կայուն եւ խաղաղ իրավիճակ ստեղծուելու  մաղթանքներուն  նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի մաղթանքն է, որ Իրաքի մէջ հասարակաց բարիք կառուցման ի խնդիր, իրենց խաղաղ եւ բաժնեկից մասնակցութիւնը բերեն ընկերութեան կրօնական բոլոր խաւերը աւելցնելով, որ պէտք է նախ մարդը կառուցել,  նախ քան նիւթականը: Կարիքը կայ կայուն կազմաւորման, բացուածութեան, փոխադարձ յարգանքի՝ կեանքի, խաղաղութեան, բնութեան ի սպաս:

ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութիւնը նոր դուռ պիտի ըլլայ նոր մտայնութեան,  նոր մշակոյթին,  այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Յորդանանի, Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններու, Եգիպտոսի եւ Մարոքի մէջ: Ըսաւ Պատրիարքը Սաքօ:

Ան ապա ընդհանուր ակնարկ կատարելով Իրաքի քաղաքական ներկայ իրավիճակին ըսաւ, որ Իրաքի մէջ կացութիւնը բարելաւուած է . Քուրտսիթանի եւ Պաղտատի մէջ ապահովութիւն կը տիրէ եւ մարդիկ նուազ կը տառապին բնականոն կեանք ապրելու համար:

Քրիստոնեաներուն դէմ խտրականութեան արարքները նուազած են : Ի վերջոյ Իրաքի մէջ կազմուած է քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան կոմիտէ  մը ըսաւ

Պատրիարք Սաքօ,  ապա Վատիկանի նիւզի հետ ունեցած զրոյցը աւարտեց իր մտահոգութիւնը յայտնելով Իրանի եւ Միացեալ նահանգներու միջեւ լարուած կացութեան համար, եւ առնչութեամբ իր  մտավախութիւնը յայտնեց  այն իրողութեան համար, որ այս բոլորը կրնայ բացական ազդեցութիւն ունենալ տարածաշրջանին վրայ:

Քաղդէացիներուն Պատրիարքը  մաղթեց որ, Իրանցիները եւս կարենան երկխօսութեան դիմեն, որովհետեւ Անոնք եւս  շատ լաւ իրազեկ են պատերազմի հետեւանքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 10:05