Որոնել

 «Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ» «Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ» 

«Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ». Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Յիսուսին խաղաղութիւնը փորձութեան մէջ խաղաղութիւն մըն է։

«Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ։ Թող ձեր սրտերը չխռովին ու չվախնան։ Լսեցիք որ ըսած էի ձեզի, թէ ես կ՛երթամ, սակայն դարձեալ կու գամ ձեզի։ Եւ դուք եթէ սիրէիք զիս՝ կ՛ուրախանայիք որ ես Հօրս քով կ՛երթամ, որովհետեւ Հայրը ինձմէ մեծ է։ Այժմէն իսկ դէպքէն առաջ խօսեցայ ձեզի, որպէսզի երբ կատարուի դուք հաւատաք» (Յովհ․ 14։ 27-29)։

Ունկնդրէ խոհրդածութիւնը

Յիսուս, Իր իսկ բառերով, փորձութիւններէն առաջ կը սկսի յայտարարել։ Ուստի, զարմանալի չէ, որ անմիջապէս կը ճշգրտեցնէ ըսելով․ «Ոչ ինչպէս որ աշխարհը կուտայ»։ Հրէական աշխարհին մէջ խաղաղութիւն ցանկալը շատ սովորական երեւոյթ մըն է։ Ասկէ աւելի՞ն։ Յիսուսին խաղաղութիւնը փորձութեան մէջ խաղաղութիւն մըն է։ Կը յիշէք այն խօսքը որ կ՛ըսէ․ «Ես չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր» (Մատթ․ 10։ 34)։ Ճշմարտութիւնը հասարակութեան անպայման խաղաղութիւն չի բերեր, քանզի մեզի կը ստիպէ կողմ բռնել, բայց միւս կողմէն ալ, արդարի սրտին մէջ խաղաղութիւն կը բերէ, եւ անգամ մը որ կայ՝ բոլորին կը դիմադրէ։ Քրիստոսի խաղաղութիւնը՝ վերադարձն է դէպի էականը, վերանորոգման ստուգութիւնն է, որ կը հետաքրքրէ, եւ զորս թոյլ կու տայ դիմագրաւելու բոլոր մնացեալին։

Երբ կը յիշենք, որ, «Աստուած միայն բաւարար է», այս աշխարհի մէջ, մենք կրկին ազատ կ՛ըլլանք։ Եթէ կ՛ուզենք գիտնալ, որ Աստուած է միայն, որ մեզի հետ կը խօսի, ուրեմն եկէք խաղաղութիւնը չափենք, զորս մեզի կու տայ, այն ինչով որ մենք կ՛ապրինք։
Յիսուսին կը հետաքրքրէ այն ինչ, որ մենք կը հաւատանք, եւ ոչ թէ մենք ամենախելացիներն ենք։ Այստեղ, Քրիստոս բնաւ չ՛ակնկալեր հասկցուիլ, այլ՝ Ան կը խօսի հասկցուելու համար վաղը։ Մի միայն յարութեամբ է, որ պիտի հասկնան (Յովհ․ 20։ 8-9)։ Իր բոլոր Խօսքերը զորս օրէ օր, տարիէ տարի կը լսենք, մեր կեանքին մէջ իմաստ կու տան, բայց մեր հոգիներուն մէջ՝ հազուադէպ, երբ նոյնիսկ, շնորհքի պահուն եւ մեր փորձառութենէն կը հասկնանք իմաստը, որ՝ Աստուծմէ է։ Ուստի Իր Խօսքին վստահինք, եւ չյոգնինք ամէն օր Իր Խօսքերը կարդալէն։ Մեր «Յարութեան Օրը» իր ժամանակին կը հասնի։
«Բայց աշխարհը պէտք է որ գիտնայ, որ կը սիրեմ Հայրը, եւ կը կատարեմ ինչպէս որ Հայրը ինձ պատուիրեց»։

Յիսուս Իր իսկ Խօսքերով իր վարդապետութեան, իր ուսուցման կատարումը կը յայտարարէ։ Այսուհետեւ, գործերով է որ պիտի վկայութիւն տայ։ Աւետարանները, Ձիթենեաց Պարտէզէն ետք, այլեւս չեն խօսիր որեւէ բան, բայց միայն ժեսթեր, փաստեր։ Աշխարհի իշխանը կը խօսի, իսկ Աստուածորդին՝ լուռ կը մնայ։ Իր լռութեան միջոցով իր սերը կը ցուցաբերէ։ Լռութիւնը հնազանդութեան։ Իսկ մենք ինչպէ՞ս մեր սէրը կը ցուցաբերենք ուրիշներուն հանդէպ, մեր Աստուծոյ հանդէպ։ Մի միայն խօսքո՞վ։ Ի՞նչ կ՛ընենք մենք։ Որո՞ւն կը հնազանդինք։ Եթէ Աստուծոյ չենք հնազանդիր, ապա ուրիշ որո՞ւն կը հնազանդինք, սատանային։ Տէ՛ր, ինչքան դժուար է մեզի համար հնազանդութիւնն հասկնալ։

Տէ՛ր, Դուն որ ինձ օրինակը կու տաս, սորվեցուր ինծի յարատեւութիւն որպէսզի Խօսքդ լսեմ, վստահ եւ հաստատ կերպով հաւատալ որ ամէն օր իմաստ ստանան։ Սորվեցուր ինծի խոկալու այս լռութիւնը եւ այս հնազանդութիւնը խենթ աշխարհին համար։ Ինչպիսի նուիրում ինքդ քեզմէ որ մեզի ցոյց տուիր։ Տուր ոյժը, որ մենք ալ մեր չափով ապրինք։
Այսօր, երբ որ որեւէ դժուար իրավիճակի մէջ գտնուիմ, կամ իմ հանդարտութիւնս կորսնցնեմ, կը մտածեմ Իր խօսքերուն վրայ․ «Ես ձեզ կը թողում խաղաղութիւնը», «Տէրը միայն բաւարար է»։
Կը քննեմ որ որեւէ լռութիւն եւ կամ որեւէ հնազանդութիւն կարենամ կատարել այսօր Աստուծոյ սիրոյ եւ մերձաւորիս համար։

Հայր Գէորգ  Եպիսկոպոս Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 08:53