Որոնել

Արցախի մէջ պատմական հայկական եկեղեցի Արցախի մէջ պատմական հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Դեռ Հարուստ Ես…

Ամէն ինչ կորսնցուցած մարդուն պէտք է քաջալերել եւ յոյս տալ, ըսելով.

_ Դեռ հարուստ ես:
Իր նեղութեան ու տագնապին մէջ ան կրնայ չհասկնալ թէ ի՞նչ է այդ խօսքին իմաստը: Որովհետեւ երբ մէկը կորսնցնէ իր ինչքը, նիւթական շարժուն թէ անշարժ գոյքը, երբեմն իր ընտանեկան պարագաները՝ իր սրտահատորները, կը մթագնի իր աշխարհը եւ ապրելու յոյսը կը կորսնցնէ:
Տագնապահար մարդը ո՛չ միայն կրնայ չհասկնալ ՝՝ Դեռ հարուստ ես՝՝ խօսքը, այլ եթէ իր դժուարութեան մէջ ըմկղմած է ու չի՛ գիտեր ինչպէ՞ս դուրս գալ անկէ, նոյնիսկ հանդիպած անձին հետ կրնայ կռուիլ, իր տառապանքէն դուրս գալու եւ թախիծէն դատարկուելու համար:
Վերոյիշեալ քաջալերական կարճ նախադասութիւնը շատ անտրամաբանական կը թուայ մանաւանդ անոր, որ ո՛չ միայն իր պահեստի գումարներն ու ամբողջ ստացուածքը կորսնցուցած է, այլ նաեւ աշխատանքը…
Աշխարհը իր բոլոր բարիքներով, կեանքը իր բոլոր գեղեցկութիւններով յանկարծ ոչնչութեան կը վերածուի նման կացութեան մէջ յայտնուող մարդուն համար: Ասոնց օրինակներուն շա՜տ կարելի է հանդիպիլ ո՛չ այնքան երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ, ինչքան՝ զարգացած ու բախտաբեր նկատուող քաղաքակրթուած քաղաքներու փողոցներուն վրայ: Վստահաբար դուք ալ նշմարած էք կամուրջներու տակ խաւաքարտէ տուփերու մէջ ծուարած մարդիկ, այր թէ կին, որոնք ցերեկը մայթերուն ամրացուած ժողովրդային նստարաններու վրայ կը քնանան, իսկ գիշերները, մանաւանդ ցուրտ օրերուն, անմարդաբնակ շէնքերու մուտքերուն կամ հրապարակները ճեղքող հսկայ կամուրջներուն ներքեւ մէկ անկիւնը կը քաշուին, այցելու շուներու միակ ընկերները դառնալով: Երիտասարդ թէ տարեց, անոնք ընդհանրապէս չեն խօսիր, ո՛չ ալ մասնաւոր վտանգ կը սպառնան անցորդներուն: Պարզապէս աշխարհէն նեղուած ըլլալով լքած են այն, ինչ որ գեղեցկութիւն կը պատճառէ, այսինքն՝ նոյնիսկ իրենց անձը: Հոգեբաններու կողմէ կատարուած յատուկ ու մասնագիտական աշխատանքը ցոյց տուած է, որ անոնցմէ շատերը կեանքի մէջ ձախորդութեան հանդիպած են եւ յուսահատած: Այս անձերէն շատ քիչերը ցարդ յաջողած են վերադառնալ աստուածապարգեւ բնականոն կեանքի: Աղօթքը եւս իր դերակատարութիւնը ունեցած է ոմանց պարագային, հոգեւոր նոր կեանք պարգեւելով ենթակային ու փրկելով յուսահատութեան ճիրաններէն:

_ Դեռ հարուստ ես…
Հոգեւորականի մը այս խօսքն է որ անտունիներէն մէկը տունի տէր դարձուցած է ասկէ տասնեակ մը տարիներ առաջ:
Ան  իր ձեռքին եղած դոյլին մէջ դրամ դնելու փոխարէն, ուտելիք զետեղած էր, ըսելով.
_ Դեռ հարուստ ես…
Սովորաբար լուռ եւ միշտ իր անկիւնը նստած երիտասարդ անտունը յանկարծ զրուցելով հարցուցած էր, թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ խօսքը: Հոգեւորականը բացատրած էր, ըսելով որ ինչ ալ պատահած ըլլայ ու նման անբաղձալի կացութեան մատնուած, պէտք է դեռ հարուստ համարէ իր անձը, որովհետեւ ապագան կայ իր դիմաց:
Ողջ ու առողջ ըլլալ, կը նշանակէ ապագայ ունենալ: Ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդ, հակառակ իր անցեալի տխուր էջերուն ու կրած տառապանքին, եթէ գիտակցի թէ տակաւին ամբողջ ապագայ ժամանակը ունի, պէտք է շատ հարուստ զգայ:

Եթէ յուսահատ մարդուն տրուած այս խրատը զայն այդքան կը հարստացնէ, հապա հոգեպէս առողջ ու ապագայատեսիլ մարդը ինչքա՜ն հարուստ է ուրեմն… Անոր ամէն վայրկեան մտածած, ուրուագծած ու ծրագրած աշխատանքները, որոնք բոլորն ալ ապագային իրականութիւն պիտի դառնան, ո՛չ միայն զինք պիտի հարստացնեն անհատապէս, այլ շրջապատը ու ի վերջոյ մարդկութիւնը պիտի հարստացնեն, երբեմն աննիւթական ու աւելի թանկարժէք գանձերով:
Նոյն այդ հարուստ ապագային մէջ կը գտնուի նաեւ մարդուն ֆիզիքական մարմնոյն վախճանը, որուն մասին մտածելու շատ տրամադրութիւն չունենար մարդ:

Ապագայի օրերը յոյսով ապրելու աշխատանքի ընթացքին նաեւ իր հոգիի ապագան պէտք է խորհի մարդ, իր կաշիէն բացի՝ նաեւ իսկական անձը փրկելու նպատակով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2019, 10:22