Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս Արամ Ա Կաթողիկոս 

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոս կ՛այցելէ

Վեհափառը հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ:

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեան համար Դամասկոս հասած է 13 մայիսին: Վեհափառ հայրապետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուած են Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին, պատկան մարմինին, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ դոկտ. Նորա Արիսեանի ու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսի հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ:

Այսօր` երեքշաբթի, 14 մայիսին, վեհափառը հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ:

Քաղուած Ազդակէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2019, 08:15