Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր  

Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն յայտարարութիւնը:

Խաղաղութիւն կերտելու միակ ուղին կը կայանայ փոխադարձ յարգանքի եւ իրար զիրար սիրելու մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի եւ միջին արեւելքի քաղաքական անկայուն վիճակի ի տես, Սուրբ երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսները իրենց գումարած ընդհանուր ժողովին ընթացքին քննարկած են սուրբ երկիրը եւ միջին արեւելքը յուզող հարցեր:

Ունկնդրէ լուրը

Ժողովին աւարտին, Կաթողիկէ եպիսկոպոսները յայտարարութեամբ մը հրաւիրած են Իսրայէլցիներն ու Պաղեստինցիները բանակցութեամբ ու երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու, նկատել տալով որ որեւէ հարցերու լուծում պէտք է հիմնուած ըլլայ ՝ Սուրբ երկրի բնակչութեան հասարակաց բարիքին վրայ:
«Մենք Սուրբ Երկրի եկեղեցապետերս, նեցուկ կը կանգնինք բոլոր անոնց որոնք կ՝ապրին այս երկրին մէջ՝ նախ եւ առաջ իբր մարդ էակներ: Կը փորձենք ցոյց տալ ուղի մը ՝ դուրս գալու համար այս պատերազմի , ատելութեան եւ մահի իրավիճակէն : »
Նշուած Է Սուրբ Երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Անոնք ապա յատուկէն հրաւէր ուղղած են քրիստոնեաներուն , իրենց ձայները միացնելու՝ մահմետականներուն, հրէաներուն ,- տրուզներու եւ բոլոր անոնց ձայներուն, որոնք կը կիսեն ընկերութեան տեսլական մը ՝ որ հիմնուած է հաւասարութեան եւ հասարակաց բարիքին վրայ

Յայտարարութեան աւարտին եպիսկոպոսները նշած են, թէ սուրբ Երկրին  մէջ խաղաղութիւն կերտելու միակ ուղին կը կայանայ իրար զիրար սիրելու , յարգելու եւ հաւասար իրաւունքներ ու պարտականութիւններ ունենալու մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2019, 09:18