Սուրբ Կոյս Մարիամ Սուրբ Կոյս Մարիամ 

Ս. Կոյսի գեղեցիկ ամիսը

Սուրբ Կոյսը, ոչ միայն Յիսուս Քրիստոսի եւ ամբողջ աշխարհի մայրն է, այլեւ սրբութեան մեծագոյն օրինակն է։

«Ամիսն ահա Ս․ Կոյսին,
Ամիս յոյժ գեղեցիկ
Աստուածամօր միասին
Ուղղենք երգ մը գեղեցիկ։»

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ մտանք Ս․ Կոյսին յոյժ եւ գեղեցիկ ամսուն մէջ, որը բոլոր հաւատացեալները պարտաւոր են ուղղելու իրեն իրենց կեանքի ամենագեղեցիկը։

Կ՛ուզեմ Ս․ Կոյսին հետ մտածել իր կոչումին վրայ, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը եկաւ զինք աւետելու, թէ Յիսուսին մայրը պիտի ըլլայ երբ ըսաւ․ «Ես Տիրոջ Աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ, 1․ 38)։
Այսպիսով Ս․ Կոյսը դարձաւ առաջին Առաքեալը եւ քրիստոնէութեան կոչումի դպրոցին առաջին ուսուցիչը։ Մարիամը հասկցաւ Տիրոջ պարգեւը եւ ընդունեցաւ դառնալու Քրիստոսի մայրը իր բոլոր պարտականութիւններով։

Աստուած մարդը ստեղծեց իր նմանութեամբ, հասկցնելու համար թէ ինք նաեւ մաս կը կազմէ աստուածային կեանքին։ Ս․ Կոյսն ալ մեզի շնորհքը կու տայ դառնալու իրեն նման ընդունելու Աստուծոյ կեանքը իր բոլոր ցաւերով եւ իր ուրախութիւններով։
Ես կը յիշեմ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Սրբազան Քահանայապետին, երբ 13 Մայիս 1981ին մահափորձի ենթարկուեցաւ։ Յաջորդ Կիրակի (Angelus) «Հրեշտակային» աղօթքին, նշանաւոր նախադասութիւնը կ՛ըսէր «Totus Tuus ego Sum» որ կը նշանակէ «Ես բոլորովին քեզի կը յանձնուիմ»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եթէ մենք կ՛ուզենք Յիսուս Քրիստոսին մօտենալ, ապա մենք ալ պէտք է սուրբերուն նման ըսենք «Ո՛վ Տէր, բոլորովին Քեզի կը յանձնուիմ»։ Աստուածամօր Ս․ Կոյսին ամենաջերմ եւ ամենագեղեցիկ աղօթքներուն միջոցով, եւ մանաւանդ, իր անբացատրելի մայրական բարեխօսութեամբ, մենք կը մօտենանք Աստուածորդիին՝ աշխարհի Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսին։

Այո սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, Աստուածամայրը մեր բոլորիս մայրն է, որովհետեւ Յիսուս Խաչին վրայ եղած ատեն, մեզ իռ սիրելի մօր յանձնեց ըսելով՝ «Ահա մայր քո»։ Եւ Ճշմարիտ Աստւոծոյ մայրը միշտ կ՛ուզէ, որ իր բարեխօսութեամբ Յիսուս Քրիստոսին մօտենանք։

Աստուածամայրը մեր կեանքին մէջ պէտք է մեր իտէալը դարձնենք։ Քանզի Սուրբ Կոյսը, ոչ միայն Յիսուս Քրիստոսի եւ ամբողջ աշխարհի մայրն է, այլեւ սրբութեան մեծագոյն օրինակն է։ Որովհետեւ Սրբուհի Մարիամ իր կեանքի ամբողջ ընթացքին Աստուծոյ խօսքին համաձայն ապրեցաւ եւ երբեք չհակառակեցաւ, մեղք չգործեց։

Այսօր, որպէս քրիստոնեաներ եւ որպէս Սուրբ Եկեղեցւոյ Մկրտութեամբ Աստուծոյ հոգեւոր զինուորներ, մենք ալ կոչուած ենք մեր Իտէալին նման մենք զմեզ Աստուծոյ նուիրուելու, Տիրոջ կամքին հնազանդելու։ Քանզի Սուրբերուն կեանքը եթէ կարդանք, կը տեսնենք, որ իրենք ալ այս փուճ աշխարհը թողնելով՝ Աստուծոյ ջահակիրները եղան, Աստուծոյ լոյսով լուսաւորուած՝ սրբութեան աստիճանին արժանացան։ Իսկ բոլորին թագուհին՝ Սրբուհի Կոյս Աստուածածին Մարիամն է։

Այսօր, Աստուածամայրը մեզմէ կ՛ուզէ, որ իր օրինակով՝ իրեն նմանինք։ Աստուածամայրը ինչպէս վերեւը նշեցինք, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Աստուծոյ խօսքին, օրէնքին համաձայն ապրեցաւ եւ Յիսուս Քրիստոսի ետեւէն գալեց մինչեւ Գողգոթա, իր որդիին համբարձումէն վերջ՝ վերափոխուեցաւ դէպի երկինք։

Սակայն, Աստուածամայրը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ոսկէ սափոր էր, անարատութեամբ կը փայլէր, եւ ինք եւս մեզմէ կ՛ուզէ, որ մենք ալ նոյն պարզութեամբ, մաքրութեամբ, անարատութեամբ իրեն նմանինք եւ
Աստուածորդիին մօտենանք որպէսզի միշտ փառաւոռենք Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, այժ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 09:06