Որոնել

Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբանկար Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբանկար 

Եղիսաբեթին այցելութիւնը:

Ս․ Կոյսը եղաւ առաջին եղբայրասէր անձը Նոր Կտակարանին կեանքին մէջ։ Շատեր իրեն հետեւեցան, շատ մը սուրբեր զինք նկատեցին որպէս օրինակը սրբութեան եւ իրենց համար ալ՝ մայր։

Ո՛վ Ս․ Կոյս, խնդրէ Յիսուսէն որ բանայ իմ սիրտս դառնալու իր սրտին նման, միշտ հետեւող ուրիշներու պէտքերուն, բարիքներով օգնէ ինծի, որ երբեք չմոռնամ թէ աւելի ուրախ կ՛ըլլանք երբ ուրիշին տանք քան իրմէ առնել «Առաք․ 20․ 35»։

Գաբրիէլ հրեշտակը Ս․ Կոյսին փրկչագործութեան պատգամը տալէն ետք իրեն աւետեց նաեւ, որ իր զարմուհին Եղիսաբեթն ալ յղի էր։ Յաջորդ օրը Մարիամ ճամբան առաւ եւ Եղիսաբեթին քով գնաց, Ս․ Կոյսը չմտածեց ինքն իրեն, այլ՝ Եղիսաբեթին, որ տարիքը առած էր արդէն, կ՛ըսուի, որ բաւական քալեց, գրեթէ 4էն 5 ժամ մինչեւ Յուդայի քաղաքը հասաւ եւ իրեն քով մնաց շուրջ 3 ամիս։

Ս․ Կոյսին սիրտը ուրիշին ուղղուեցաւ, ինքզինքը մոռնալով, գնաց իր զարմուհիին հոգերը լուծելու, սիրտն ալ զիս կը կանչէ, հետս կը խօսի եւ ինծի կը ցուցնէ ուրիշներուն ցաւերն ու պէտքերը, բայց արդեօ՞ք ես իրեն մտիկ կ՛ընեմ․․․

Որքան անձեր ինծի կը մօտենան օրուան ընթացքին, հետս կը խօսին եւ կը ներկայացնեն իրենց հարցերը, շատ մը առիթներ կ՛ունենամ, ուր՝ կը զգամ թէ պէտք եմ երթալ տկարին քով, պարզապէս ժպիտ մը տալու եւ կամ ալ խօսք մը ուղղելու։

Այսպէս կ՛ընէր Ս․ Կոյսը այդ տարիներուն ընթացքին երբ կը հետեւէր իր որդիին իր առաքելութիւնը յաջողեցնելու համար, եւ մանաւանդ իր յարութենէն ետք, երբ եկեղեցին պէտքն ունէր Ս․ Կոյսին ջանքերուն որպէս զի կարենար ծաղկել ու լուսաւորուիլ։

Ս․ Կոյսը եղաւ առաջին եղբայրասէր անձը Նոր Կտակարանին կեանքին մէջ։ Շատեր իրեն հետեւեցան, շատ մը սուրբեր զինք նկատեցին որպէս օրինակը սրբութեան եւ իրենց համար ալ՝ Մայր։
 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2019, 08:54