Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր 

«Դիմակազերծում». Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Ինչպէս որ Ինքզինք յայտնեց Իր առաքեալներուն Վերջին Ընթրիքին, Յիսուս Ինքզինք մեզի եւս կը յայտնէ ամէն անգամ, որ հաւաքուինք Սուրբ Պատարագին մասնակցելու համար:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Փիլիպպոս ըսաւ. – Տէ'ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի: Յիսուս պատասխանեց. – Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպոս: Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ...ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս...» (Յովհաննէս 14, 8-11):

Կարգ մը երեւակայածին շարժանկարներուն մէջ, չարագործը հալածող՝ գերմարդկային կարողութիւններով օժտուած դիմակաւոր հերոսը, պահ մը, իր ընտանիքին կամ սիրած աղջիկին դիմաց, իր երեսի դիմակը կը հանէ, անոնց յայտնելու համար իր ինքնութիւնը: Ասոնք, առաջին հերթին, չեն կրնար պատկերացնել, թէ այդ նիհարակազմ ու պարզամիտ իրենց հարազատ երիտասարդը, անպարտելի առասպել դարձեր էր՝ հալածելու ու վնասազերծելու համար՝ մարդիկը ահուդողի մատնող անօրէնը:

Սակայն, պատահած անհերքելի դէպքերու լոյսին ներքեւ, անոնք կը հաճին իրենց «հերոսին» չարահալած եւ ազատարար սխրագործութիւններով: 4 Վերոյիշեալ Աւետարանին մէջ կը գտնենք նման դրուագ մը, թէեւ տարբեր առանձնայատկութեամբ:

Արդարեւ, Վերջին Ընթրիքին, Յիսուս «Իր երեսի դիմակը կը հանէ» եւ առաքեալներուն կը յայտնէ իր ինքնութիւնը. «Ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս» (Յովհաննէս 14, 11): Սակայն, իր այս յայտարարութիւնը կ'ընդունուի վերապահութեամբ, մասնաւորպէս, Փիլիպպոսի կողմէն, որ Իրեն աշակերտած էր՝ Իր հրապարակային առաքելութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր (հմտ. Յովհաննէս 1, 43):

Կարելի էր ակնկալել, որ Յիսուս յուսախաբ ըլլար առաքեալներուն վերապահութենէն. ընդհակառակը, Ան հասկացող կեցուածքով կը վերաբերի: Պատահած դէպքերու լոյսին ներքեւ՝ Յիսուս անոնց կ'օգնէ Իր յայտնած ճշմարտութիւնը անվերապահօրէն ընդունելու, քանի որ անոնք ականատես եղած են Իր գործած հրաշքներուն եւ ականջալուր՝ Իր խօսքերուն, վստահեցնելով, որ մօտ օրէն իրենք եւս, Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ, ի վիճակի պիտի ըլլան գերմարդկային խիզախութիւններ կատարելու: Արդարեւ, երբ հաւատքի ուժով զօրանան, անոնք ի վերուստ պիտի լիազօրուին Աստուծոյ ողորմութիւնը հերոսաբար հռչակելու եւ Անոր բարեգթութեան ու սիրոյն անվեհեր վկաները դառնալու:

Ինչպէս որ Ինքզինք յայտնեց Իր առաքեալներուն Վերջին Ընթրիքին, Յիսուս Ինքզինք մեզի եւս կը յայտնէ ամէն անգամ, որ հաւաքուինք Սուրբ Պատարագին մասնակցելու համար:

Ան մեզի կը ջամբէ իր վարդապետութիւնը Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքի ընթերցումներով:

Ան մեր հոգին կը սնուցանէ մեր սուրբ Հայրապետներուն խնկաբոյր աղօթքներով:

Ան մեր սիրտը կը լիացնէ Սուրբ Հաղորդութեամբ:

Եւ մեզ կը համակէ Իր ներկայութեամբ, յանձինս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ պատգամելով զիրար սիրելու, ինչպէս Ինք մեզ սիրեց:

Հետեւաբար, երբ Սուրբ Պատարագի մասնակցինք, ուշադրութեամբ հետեւի'նք սուրբգրային ընթերցումներուն:

Ջանա'նք անոնց միջոցով, Տիրոջ պատգամող ձայնը լսել:

Երբ սրտանց եւ անկեղծութեամբ աղօթենք՝ «Մեղայ, մեղայ, աղաչեմ զձեզ խնդրեցէք վասն իմ յԱստուծոյ զթողութիւն», ապահով ըլլանք, որ Ան, շնորհիւ Եկեղեցւոյ միջնորդութեան, մեզի չի' զլանար մեղքերու թողութիւն շնորհելու:

Երբ մերձենանք ընդունելու Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը, հայցե'նք մեր Փրկիչէն, որ բանայ մեր աչքերը Իր ներկայութիւնը հաւատքի աչքերով, յստակօրէն տեսնելու եւ Իր Աստուածութիւնը՝ անվախօրէն հռչակելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2019, 10:00