Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Տիրացու Եղբ.  Արամ Սաատոյի։ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Տիրացու Եղբ. Արամ Սաատոյի։ 

Հռոմի մէջ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Տիրացու Եղբ. Արամ Սաատոյի։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Արհ Ռաֆայէլ Արք Մինասեանի

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ի, առաւօտեան ժամը 11_ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ  կայացած Ս. եւ անմահ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ Տիրացու Արամ Սաատոյի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը,  նախագահութեամբ Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի, առընթերակայութեամբ՝ Գերապատիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի եւ Գերապատիւ Հ. Անտոն վրդ. Գրիգորեանի ու խարտաւիլակութեամբ՝ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյարգելի Հ. Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեանի։

Ս. արարողութեան ներկայ էին՝ Գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, Հռոմի Անարատ Յղութեան քոյրերը, Սաատօ ընտանիքը ու իրենց հարազատները եւ հաւատացեալներու կուռ բազմութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2019, 08:30