Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչական կազմը Զմմառու Վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչական կազմը Զմմառու Վանքին մէջ 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչական կազմը Զմմառու Վանքին մէջ

Այցը կը միտէր մօտէն ծանօթանալու Զմմառու դարաւոր վանքի եւ շէնքային կառոյցին եւ այնտեղ ծաւալած աշխատանքներուն։

Երեքշաբթի, 28 Մայիսի, առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչակազմը, սարկաւագներն ու սաները ժամանեցին Զմմառու Մայրավանք, ուր իրենց դիմաւորեցին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ընծայարաններու Տեսչութիւնը եւ կիսասարկաւագները։

Այցը կը միտէր մօտէն ծանօթանալու Զմմառու դարաւոր վանքի եւ շէնքային կառոյցին եւ այնտեղ ծաւալած աշխատանքներուն։ 

Այցի աւարտին Զմմառու դպրեվանքի տեսչութիւնը, հիւրերուն ձօնեցին իրենց վերջին հրատարակութիւններէն նմոյշներ։ 
Նման այցեր կը նպաստեն քոյր եկեղեցիներու ապագայ հոգեւորականներու կազմաւորման գործընթացին, ի խնդիր հայ ժողովուրդի ծառայութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2019, 08:32