Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ մայր տաճարը Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ մայր տաճարը  

Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ մայր տաճարը վերանորոգումէն ետք

Ան նախ կը կոչուէր՝ Սուրբ Յովհաննէս-Սուրբ Խաչ (Saint Jean-Sainte Croix)։ Երբ 1986-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կաթողիկէ Հայոց եկզարքութիւնը կը վերածէ Սուրբ Խաչ թեմի, կը ստանայ «Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճար» անունը:

Յունիս 27-էն 30 , ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ գտնուող կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ մայր տաճարը իր դռները պիտի վերաբանայ շուրջ երկու տարի տեւած վերանորոգման լուրջ աշխատանքներէ ետք։

Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 27-ին, նախագահութեամբ՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի եւ ներկայութեամբ՝ քաղաքական, դիւանագիտական եւ կրօնական բազմաթիւ անձնաւորութեանց։ Շաբաթ, Յունիս 29-ին պիտի կատարուի մայր տաճարին օրհնութիւնը, իսկ Կիրակի, Յունիս 30-ին պիտի մատուցուի հանդիսաւոր պատարագ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան կարգ՝ բարերարներու ընտանիքներու յիշատակին։

Քիչ մը պատմութիւն

Պատմական Մարէ թաղամասի սրտին գտնուող կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ տաճարը կը հանդիսանայ թաղամասի ճարտարապետական գոհարներէն մէկը: Այս տաճարի ծագումը կ՚երկարի մինչեւ 17-րդ դարու սկիզբը: 1622-ին դրամատէր Գլօտ Շառլօ ձեռնամուխ կ՚ըլլայ վանքի մը կառուցման, որ Կապուչին միաբաններուն թոյլ պիտի տար կատարել կամաւոր հրշէջի իրենց դերը:

Յաջորդ տարի կը կառուցուի վանական համալիրի Անարատ Յղութեան մատուռը: 1970-ին երբ հայ կաթողիկէ համայնքը Փարիզի մէջ կը փնտռէ ծխական եկեղեցի մը, կարդինալ Մարթի, որ այն ատեն Փարիզի արքեպիսկոպոսն էր, անոր տրամադրութեան տակ կը դնէ այս եկեղեցին: Ան նախ կը կոչուի Սուրբ Յովհաննէս-Սուրբ Խաչ (Saint Jean-Sainte Croix), սակայն երբ 1986-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կաթողիկէ Հայոց եկզարքութիւնը կը վերածէ Սուրբ Խաչ թեմի, ան կը ստանայ «Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճար» անունը:
Արուեստի բազմաթիւ գործերը, յարդարական առարկաները, ներքին զարդերն ու մեծ երփնապակիները կը կազմեն տաճարին հարստութիւնը: Կ՚առանձնանայ տպաւորիչ խորանը իր հարթաքանդակներով, որոնք կը կոչուին Քրիստոս, Էմաիւսի ուխտաւորները, Չորս աւետարանիչները, կերտուած՝ 1905-ին։ Խորանի երկու կողքերուն տեղ գրաւած են ուշագրաւ երկու արձաններ` «Ասիզեցի Սուրբ Փրանկիսկոս՝ հմայուած», որ գործն է Վերածննդեան շրջանի ֆրանսացի մեծագոյն քանդակագործներէն Ժերմէն Փիլոնի եւ «Սուրբ Դիոնեսիոս», քանդակուած՝ Մառսի եղբայրներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ պատերը կը զարդարեն ԺԷ.-ԺԹ. դարերէն կտաւներ, ինչպէս՝ Հիւկ Թարավէլի՝ «Նոյի զոհաբերութիւնը՝ տապանէն ելքին»-ը (1783), «Խաչելութիւն»-ը (ԺԷ. դար), «Սուրբ Թերեզայի հաղորդութիւնը» (ԺԷ. դար), Քրիսթոֆ-Թոմա Տըժորժի«Քրիստոսը՝ սիւնին»-ը (1822), Պերնար Կայոյի «Ասիզեցի Սուրբ Փրանկիսկոս՝ Իննովկենտիոս Գ. պապին առջեւ»-ը (1827), Արի Շեֆերի «Սուրբ Լուդովիկոս կ՚այցելէ ժանտախտահարներուն»-ը (1822), Լորտոնի «Ասիզեցի Սուրբ Փրանկիսկոսը կ՚առաջնորդեն Եգիպտոսի սուլթանին առջեւ»-ը (1822): Այս գործերը շրջապատուած են գեղեցիկ զանազան այլ իրերով, ինչպէս՝ կաղնիէ ոսկեզօծ տախտակապատուածքներով, փորագիր սիրուն նստարաններով, ԺԷ. եւ Ժը. դարերու մկրտարաններով, բայց նաեւ Վիքթոր Պալթարի կերտած ամպիոնով ու գաւիթով եւ վերջապէս՝ կամարաձեւ կոնքը լուսաւորուած՝ ութ երփնապակիներով, գործ՝ Էմիլ Հիրշի (ԺԹ. դար): Այս բոլոր գործերն ալ կը դասուին պատմական յուշարձաններու շարքին:

Սուրբ Խաչ տաճարի վերականգնումը

Վերանորոգման անհրաժեշտ աշխատանքներու ցանկը 2014 Յուլիսին պատրաստեցին պատմական ժառանգութեան մասնագէտ ճարտարապետեր Ալէն-Շառլ Փեռօ եւ Ֆլոռան Ռիշար։ Անոնք, նախկին նկարներու եւ լուսանկարներու օգնութեամբ եւ որմնանկարներու խորաչափական հետազօտութիւններով հաստատեցին վերականգնման ծրագիրը: Հոգեւոր եւ աշխարհիկ արուեստի գործերու պահպանման կառոյցի(COARC) կատարած հետազօտութիւնները թոյլ տուին աւելի լաւ հասկնալ երփնապակիներու եւ վերանորոգութեան կարօտ միւս մասերու եւ բաղադրիչներու ստեղծագործման ձեւերը:
Հոս կ՚արժէ նշել, որ ԺԹ. դարու աշխատանքներէն ի վեր եկեղեցւոյ մէջ նշանակալի ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է: Հետեւաբար, մայր տաճարը կը գտնուէր ցաւալի վիճակի մէջ: Եկեղեցին յառաջացեալ աստիճանի մրոտած էր, ինչ որ բնականաբար իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած էր երփնապակիներու եւ գեղա-
նկարներու վրայ ալ: Պատերու եւ կամարներու նկարները նոյնպէս գէշ վիճակի մէջ էին: Իսկ խորանին ետեւի կողմերը ակներեւ էին խոնաւութեան գործած աւերները, տանիքէն՝ անձրեւի ջուրերու ներթափանցման հետեւանքով:
2018-ի սկիզբը սկսաւ վերականգնման լայնածաւալ ծրագիրը: Շինարարութիւնը տեւեց 14 ամիս եւ թոյլ տուաւ տաճարը վերականգնել իր բովանդակ շքեղութեամբ: Կամարները, կոնքի, խորանի եւ խորանին ետեւի ուղղահայեաց մակերեսները մաքրուեցան եւ ներդաշնակութեամբ ծեփուեցան: Նմանապէս, Փառք ու Գողգոթայ յարդարանքները վերանորոգուեցան եւ վերագտան իրենց երբեմնի փայլքը։

Վերականգնման դերակատարները

Փարիզի քաղաքապետարանի եւ մեկենասի՝ վերանորոգութեանց ծրագիրը կը փորձէր համատեղել յուշարձանի պատմական բնոյթի պահպանութիւնը եւ գործածականութիւնը Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց թեմի Փարիզի Սուրբ Խաչ առաջնորդարանի մշակութային եւ կրօնական կեանքին մէջ, առաջնորդութիւն՝ զոր կը գլխաւորէ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան: Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ առաջնորդութեան ընկերակցութիւնը, որ ստեղծուած է 1978-ին, Փարիզի քաղաքապետարանին հետ մասնակցեցաւ վերականգնման աշխատանքներուն, 2016 Յուլիս 11-ին ստորագրուած մեկենասութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք։
Փարիզի քաղաքապետարանը ստանձնեց վերանորոգման աշխատանքներու ղեկավարումը: Անն Հիտալկոյի նախաձեռնած՝ հոգեւոր ժառանգութեան վերականգնման ծրագրի ծիրին մէջ, Մշակութային գործոց տնօրէնութիւնը:
 

«Նոր Յառաջ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2019, 09:17