Որոնել

Սֆէյր Պատրիարքին վերջին հրաժեշտը Սֆէյր Պատրիարքին վերջին հրաժեշտը 

Սֆէյր Պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ կը գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը:

Մեծ թիւով քաղաքացիներ իրենց վերջին հրաժեշտը տուին Սֆէյր պատրիարքին, որուն մարմինը այսօր պիտի յանձնուի հողին:

Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրին մարմինը այսօր կ՛ամփոփուի Պքերքէի մէջ, ուր կը գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը:

Իր հարիւրամեակէն 13 օր առաջ վախճանած Սֆէյր պատրիարքին համար յայտարարուած երկօրեայ Ազգային սուգը երէկ ուժի մէջ մտաւ, երբ պետական բոլոր հաստատութիւններուն դրօշակները կիսով բարձրացան, սկսեալ` նախագահական պալատէն, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն յայտագիրները պատշաճեցուեցան` կեդրոնանալով Սֆէյր պատրիարքին դագաղը փոխադրող շքախումբին արարողակարգին, ինչպէս նաեւ Պքերքէի մէջ ցաւակցութիւններու ընդունման  յատկացուած լայն անդրադարձով:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ Սֆէյր պատրիարքին դիակը զետեղուեցաւ անոր համար պատրաստուած յատուկ դագաղին մէջ` զայն Պքերքէ փոխադրելու նպատակով:

«Օթել Տիէօ»-էն Պքերքէ ճամբուն երկարութեան վրայ Սֆէյր պատրիարքը փոխադրող մահուան թափօրը բոլոր շրջաններուն մէջ արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորումի:

Մեծ թիւով քաղաքացիներ իրենց վերջին հրաժեշտը տուին Սֆէյր պատրիարքին, որուն մարմինը այսօր պիտի յանձնուի հողին:

«Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին Սայիտաթ Հանան մատրան մէջ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար նախագահեց Սֆէյր պատրիարքի խնկարկումի յատուկ եկեղեցական արարողութեան:

Իսկ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մուտքին սպասեց դիմաւորելու Սֆէյր պատրիարքի դագաղը եւ զայն առաջնորդելու եկեղեցի, ուր վերջինս շուրջ կէս դար աղօթած է:

Պքերքէի մէջ դարձեալ կատարուեցաւ Սֆէյր պատրիարքի դիակը խնկարկելու յատուկ արարողութիւնը, որմէ ետք դիակը զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ խորանին դիմաց պատրաստուած յատուկ հարթակի մը վրայ:

Երեկոյեան Պքերքէի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան մասնակցելիք քաղաքայիններէն խնդրեց իրենց անձնական ինքնաշարժներով Պքերքէ չուղղուիլ` վերյիշեցնելով, որ կէսօրուան ժամը 12:00-ին զանոնք Պքերքէ բարձրացնող յատուկ պասեր ապահովուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն. «Քազինօ տիւ Լիպան», «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտ, Ճիւնիի նոր նաւահանգիստ` «Փորթեմիլիօ»-ի կից, Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարան, Ճիւնիի սերայ, Հայ կաթողիկէ համայնքի Զմմառու վանք եւ Հարիսա: Հարիսայի փոխադրակառքերը պիտի տրամադրուին միայն կղերականներուն:

Նոյն հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ փոխադրակառքերը կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30 պիտի գործեն:

Հաղորդագրութեան մէջ պահանջուեցաւ, որ Պքերքէի մէջ բարձրանան միայն Լիբանանի ու պատրիարքութեան դրօշակները եւ ոչ մէկ այլ քաղաքական կուսակցութեան դրօշակ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքը այսօր ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով:

Պքերքէ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ յայտնեց, թէ Սֆէյր պատրիարքը իր կեցուածքներով եւ երթով մարմնաւորած է արժանապատուութիւնն ու փառքը:

Ան ընդգծեց, որ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը իր կեանքը ապրեցաւ իբրեւ մեծ պատրիարք եւ վախճանեցաւ իբրեւ վեհ պատրիարք:

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի իր կարգին այցելեց Պքերքէ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին:

Հարիրի շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը վեհ անձնաւորութիւն մըն է, որ իր անձը նուիրած էր Լիբանանի միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան պաշտպանութեան համար:

Ռայի պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

Սֆէյր պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու նպատակով Ֆրանչիսկոս պապի ներկայացուցիչ, Արեւելքի եկեղեցիներու ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի երէկ յետմիջօրէին հասաւ Լիբանան:

Նոյն նպատակով, այսօր Պէյրութ պիտի այցելէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան:

Այս առիթով յատուկ պատուիրակներ պիտի այցելեն նաեւ Քաթարէն եւ Յորդանանէն:

Սֆէյր պատրիարքին դագաղը, որ կը նկատուի արուեստի գործ մը, ստեղծագործութիւնն է լիբանանցի ականաւոր քանդակագործ Ռուտի Ռահմէի:

Դագաղը պատրաստուած է Քատիշայի ձիթենիներու փայտով եւ Պքերքէի ժայռերով ու ապա ներկուած պղնձագոյնով: Դագաղին վրայ քանդակուած է նաեւ Սֆէյր պատրիարքին դիմաքանդակը:

Ռահմէ նշեց, որ ձիթենին Սֆէյր պատրիարքին նախասիրած ծառն էր եւ անիկա կեանք կը խորհրդանշէ, Պքերքէի ժայռերը` անոր քաջ կեցուածքները, իսկ պղնձագոյնը` Վատիկանի սուրբ գոյնը:

Նշենք, որ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր քարտուղարութեան որոշումով, Սֆէյր պատրիարքին դագաղը պիտի զետեղուի Սֆէյր պատրիարքի Ռէյֆունի թանգարանին մէջ:

Նոյն որոշումին մէջ նշուեցաւ, որ Սֆէյր պատրիարքին դիակը պիտի զետեղուի յատուկ դագաղի մը մէջ, որ կը խորհրդանշէ երջանկայիշատակ պատրիարքին ապրած համեստութեան եւ ճգնաւորութեան կեանքը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2019, 08:56