Ժողովուրդներու տօնախմբութիւն ձեռնարկը Լատերանի Ս Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ Ժողովուրդներու տօնախմբութիւն ձեռնարկը Լատերանի Ս Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ  

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ «Ժողովուրդներու տօնախմբութիւն» ձեռնարկի 28-րդ տարին։

Տօնախմբութիւնն սկիզբ կ՛առնէ կէսօրին՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ Կարդինալ Փարոլինի մատուցուած սուրբ պատարագով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

«Հասարակաց  տան մէջ որպէս միակ ընտանիք»  այս է 28-րդ անգամուան համար իրականացուած 2019-ի «Ժողովուրդներու տօնախմբութիւն» ձեռնարկի խորագիրը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի 19 Մայիսին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայի տարածքին եւ որ կազմակերպուած է Հռոմի Թեմի գաղթականութեան հովուական գրասենեակի, Հռոմի Քարիթասի եւ Սան Աննիպալէ բարեսիրական հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, հովանաւորութեամբ Սքալապրինեան միաբանութեան միսիոնարներուն, Լացիօ Մարզի՝ « Զարգացում ի նպաստ  համագործակցութեան» Իտալական գործակալութեան ու համագործակցութեամբ Հռոմի ու Հռոմի շրջակայքը ապրող էթնիկ համայնքներու, Ասդալլի կեդրոնի, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ու այլ տեղական կազմակերպութիւններու, նպատակ ունենալով արժեւորել  Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ ապրող տարբեր հասարակութիւններու հարստութիւնները՝ նախապաշարումներու յաղթահարման միտումով։

Տօնախմբութիւնն սկիզբ կ՛առնէ կէսօրին՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով զոր պիտի նախագահէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Սրբազան Արարողութեան կը յաջորդէ Պազիլիքայի հրապարակին վրայ էթնիկական բաժնեկցուած  հիւրասիրութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2019, 11:45