Որոնել

Էջմիածինի մէջ Եպիսկոպոսական օծում: Էջմիածինի մէջ Եպիսկոպոսական օծում: 

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մԷջ

Նոյն օրը երեկոյեան Բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ ընծայման կարգը` ընծայացուներու հաւատքի ուղղափառութեան քննութիւնը:

Մայիս 12-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում: Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եպիսկոպոսութեան աստիճանի արժանացան Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ վարդապետ Իսախանեան, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Դանիէլ վարդապետ Ֆընտըգեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի ու Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեան: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:

Արարողութիւններու առիթով Սուրբ Էջմիածին ժամանած էին Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, ուխտաւորներ Գերմանիոյ Հայոց թեմէն, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմէն եւ Կեդրոնական Եւրոպայի ու Շուէտի Հայրապետական պատուիրակութենէն, ինչպէս նաեւ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մօր Իգնատիուս Եփրեմ Բ-ը, Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, յիշեալ երկիրներու միջեկեղեցական կառոյցներու պատուիրակներ:
Նախորդ օրը կէսօրին Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ` Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ, կատարուեցաւ ուխտադրման արարողութիւնը: Եպիսկոպոսացու վարդապետները, ծնրադիր վերահաստատելով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին հաւատարմութեան ուխտը, եկեղեցականներու ներկայութեամբ ստորագրեցին իրենց երդմնագրերը:
Նոյն օրը երեկոյեան Բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ ընծայման կարգը` ընծայացուներու հաւատքի ուղղափառութեան քննութիւնը: Արարողութեան վարդապետներու արժանաւորութեան մասին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առջեւ վկայեցին Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութենէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Աւստրիայէն` դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, քահանաներ, եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդը ներկայացնող աշխարհականներ:

Մայիս 12-ին Սուրբ Պատարագը սկսաւ Հայրապետական հանդիսաւոր թափօրով, որմով ամպհովանիի ներքոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Պատրիարքն առաջնորդուեցան դէպի Սուրբ Տրդատի բաց խորան, ուր սկսաւ Սրբազան Խորհուրդը:
Առընթերականերն էին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանորէից տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, խարտաւիլակն էր Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան: Մայր Տաճարի երգչախումբը ղեկավարեց խմբավար Խորէն Մեխանեջեան:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին Հայոց Հովուապետը շարունակեց ընծայացուներու համար իր աղօթքներն ուղղել առ Աստուած` հայցով` «Անխոտոր եւ անսայթաք ընթանալ ի վարդապետութեան հաւատոյ եւ պատուիրանաց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ»: «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ վարդապետները, ծունկի եկած վեր բարձրացնելով իրենց ձեռքերը, հերթական անգամ հրաժարեցան աշխարհէն:
Այնուհետեւ Մայր Աթոռի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան հանդիսաւոր թափօրով Ս. Խորան բարձրացուց Սրբալոյս Միւռոնը, որմով Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, եպիսկոպոսութեան կոչելով Սերովբէ, Դանիէլ եւ Տիրան վարդապետները, օծեց անոնց ճակատներն ու աջ ձեռքերու բութ մատները:
Արարողութեան աւարտին նորաօծ եպիսկոպոսներուն յանձնուեցան նաեւ իրենց եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշերը` եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի:

Յիշարժան այս օրուան առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին ներկայացուց նորաօծ եպիսկոպոսները, ապա վերջիններուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:

Քաղուած Հայերն Այսօր կայքէջէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2019, 08:58