Որոնել

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան 

Արամ Արք. Աթէշեան պիտի ղեկավարէ նոր Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:

Կրօնական ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած գաղտնի քուէարկութեամբ 5 կողմ ձայներով որոշուեցաւ, որ ընտրական գործընթացը իրականացուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ղեկավարութեամբ

ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը 29 Ապրիլին որոշեց ներկայացնել դիմում մը Պոլսոյ նահանգապետարան՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւններ կազմակերպելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:

Կրօնական ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած գաղտնի քուէարկութեամբ 5 կողմ ձայներով որոշուեցաւ, որ ընտրական գործընթացը իրականացուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ղեկավարութեամբ: Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պատրիարքական տեղապահի ընտրութեամբ սկսելու տարբերակը չընդունուեցաւ. այդ տարբերակին կողմ քուէարկեցին կրօնական ժողովի 3 անդամներ:

Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը իր Երեքշաբթի, 30 Ապրիլի թիւին մէջ «Անշրջադարձելի Փուլ» վերնագրուած յօդուածին մէջ կը գրէ. «Այս փուլի հիմնական ձեռքբերումը այն է, որ ի վերջոյ որոշուած է առանց յապաղումի դիմում կատարել կուսակալութեան: Թէեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը սկիզբ առած է անշրջադարձելիօրէն, սակայն յառաջիկայ փուլերուն վերաբերեալ աւելի յստակ պատկերացում մը կազմելու համար՝ պէտք է սպասել նաեւ պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարուելիք դիմումին գոնէ առաջին արձագանգին: Երէկուան ժողովին անմիջապէս յաջորդած ժամերուն կուսակալութեան կողմէ արդէն տրուած է ժամադրութիւն մը եւ սա դրական վերաբերմունքի մը ազդանշանը կրնայ համարուիլ: Ուստի, մեր համայնքին ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է Պոլսոյ կուսակալութեան մէջ այսօր յետմիջօրէի ժամերուն նախատեսուած ժամադրութեան արդիւնքին վրայ:»

Քաղուած "Ասպարէզ" էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2019, 08:15