Գարեգին Բ Կաթողիկոս Գարեգին Բ Կաթողիկոս 

«Արցախը սրբութիւն է, այնտեղ մեր ժողովուրդին պատիւն Է». Գարեգին Բ Կաթողիկոս

Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Հայոց Եկեղեցին իր հերթին կարելին կ՛ընէ` նպաստելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման

Մայիս 15-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ տիար Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ տիար Վլադիմիր Վարդանեանի: Արցախեան պատուիրակութիւնը Հայաստան  ժամանած էր ՀՀ ԱԺ եւ ԱՀ ԱԺ միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի հերթական նիստի առիթով: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր համարեց միջխորհրդարանական այս հանդիպումները, որոնց ընթացքին համատեղ կը քննարկուին Արցախի առջեւ ծառացած հարցեր, որպէսզի միասնական ջանքերով յաղթահարուին բոլոր մարտահրաւէրները, պաշտպանուին արցախահայութեան արդար իրաւունքները եւ գտնուին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիներ: Այդ գործընթացին Նորին Սրբութիւնը հրամայական նկատեց միասնականութիւնը եւ համագործակցութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Հայոց Եկեղեցին իր հերթին կարելին կ՛ընէ` նպաստելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, միջեկեղեցական եւ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ մշտապէս կը բարձրաձայնէ արցախեան հիմնախնդրի մասին: Գարեգին Բ Կաթողիկոս հաւաստիացուց, որ Արցախը միշտ իր աղօթքներուն մէջ է, Հայոց Եկեղեցին` Արցախի կողքին` պատրաստակամ աջակից ըլլալու արցախցին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հաստատեց, որ Արցախով կ՛ոգեշնչուի եւ կը խանդավառուի աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդը, որուն համախմբման եւ միաւորման գործին մէջ Արցախը կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Անդրադառնալով Արցախ կատարած հովուապետական այցելութիւններուն` Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ միշտ կը վերադառնայ մխիթարուած եւ գօտեպնդուած` տեսնելով արցախցիի հաւատաւոր եւ քաջարի ոգին, որմով անառիկ կը պահէ երկրի սահմանները: Հայրապետի խօսքին համաձայն, արցախահայութեան զօրաւոր ու դարերու խորքէն եկող հաւատքը, լաւատեսութիւնը եւ քաջազնութիւնը յաղթական կամքի ոգի կը կերտէ ողջ ազգին մօտ:

Իր հերթին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Արցախի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուող մշատական հոգածու վերաբերմունքի եւ ուշադրութեան համար, տեղեկացուց միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի հերթական նիստի օրակարգին մէջ քննարկուած հարցերու, տարածաշրջանի ընդհանուր խնդիրներու եւ մտահոգութիւններու մասին: ԱԺ նախագահը կարեւոր նկատեց առկայ համագործակցութիւնը` ի խնդիր ազգին յուզող հարցերու լուծման, համազգային ծրագիրներու իրագործման:

Խօսելով Արցախի ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի մասին` պրն. Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ապրիլ 7-ին Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութիւնը հանդիսապետելու համար` աւելցնելով, որ այն մեծ խանդավառութիւն  կ՛առաջացնէ ժողովուրդին մօտ:

Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ արցախահայութիւնն ապրի խաղաղութեան մէջ եւ միշտ յաղթական ըլլայ թէ՛ հայրենաշինութեան, թէ՛ հայրենիքի արդար պայքարի մէջ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցեց Ամենազօր Աստուծոյ սիրոյ եւ միասնութեան մէջ պահել մեր ժողովուրդը, որպէսզի միշտ հզօր ըլլայ եւ կարենայ իրականութեան առաջնորդել իր իղձերն ու երազները:

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2019, 08:45